17 Յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ հիւրընկալուած են ազգային բարերարներ
Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ, որոնք Հայաստան կը գտնուին Պէզիքեան ընտանիքին կողմէ Երեւանի մէջ կառուցուած եւ կահաւորուած «Անի Պէզիքեան երիտասարդական կեդրոն»ի բացման առիթով:
Հանդիպումէն առաջ ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են ազգային մեծ բարերար Գըրգ Գըրգորեանի յիշատակը:
Այնուհետեւ, ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան գնահատանքի եւ երախտագիտութեան ջերմ խօսքեր ուղղած է անոնց: «Պէզիքեան ընտանիքը առաջիններէն մէկն էր, որ 1988 թուականի երկրաշարժէն ետք ձեռք մեկնեց Հայաստանին եւ այդ ժամանակէն ի վեր դարձաւ սփիւռք-հայրենիք կամուրջը ամրապնդողներէն: Այս ընտանիքը ոչ միայն Հայաստանի մէջ կ՛իրականացնէ բարեգործական նախաձեռնութիւններ, այլ նաեւ բազմաթիւ հայանպաստ ծրագիրներ կը հովանաւորէ սփիւռքի տարածքին:
«Յառաջիկայ օրերուն Պէյրութին մերձակայ ժիպէյլ քաղաքին մէջ գտնուող «Թռչնոց Բոյն» որբանոցի տարածքին մէջ պիտի բացուի Պէզիքեան ընտանիքին միջոցներով կառուցուած թանգարանը, որ իւրայատուկ յուշահամալիր է` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայ որբերու պատմութեան»,- յայտնած է նախարարը` աւելցնելով, որ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ իրենց հայրենասիրական զգացումները լիովին կը փոխանցեն իրենց զաւակներուն ու թոռներուն: Հայրենիքին նկատմամբ պարտքի զգացումը ամրապնդելու նկատառումով է, որ Երեւանի մէջ նորաբաց Երիտասարդական Կեդրոնը կը կրէ անոնց թոռնուհիին` 9ամեայ Անիի անունը, որ հաւանաբար ամէնէն փոքր բարերարն է Հայաստանի մէջ եւ կը գիտակցի իր դերակատարութեան կարեւորութեան,- ըսած է նախարարը: