Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին մէջ Յու­նիս 18ին ար­տա­կարգ դրու­թեամբ քննար­կո­ւե­ցաւ «­Մաք­սա­տուր­քի մա­սին» օ­րի­նա­գի­ծով նա­խա­տե­սո­ւող տուր­քի նոր տե­սակ մտցնե­լու, ինչ­պէս նաեւ վա­ռե­լա­նիւ­թե­րու, ծխա­խո­տի, ո­գե­լից ըմ­պե­լի­նե­րու գոր­ ծող մաք­սա­տուր­քը բարձ­րաց­նե­լու հար­ցե­րը:

Ըստ այս օ­րի­նա­գի­ծին, մաս­նա­ւո­րա­պէս շուրջ 10 առ հա­րիւ­րով կը բարձ­րա­նան ո­գե­լից ըմ­պե­լի­նե­րու, 7 առ հա­րիւ­րով` վա­ռե­լա­նիւ­թե­րու սա­կե­րը:

Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այս օ­րի­նա­գի­ծով կը հաս­տա­տէ տուր­քի նոր տե­սակ մը, ո­րով մաք­սա­տուրք կը սահ­մա­նո­ւի ինք­նա­շարժ­նե­րու լից­քա­ւոր­ման հա­մար օգ­տա­գոր­ծո­ւող բնա­կան կա­զին հա­մար:

Ըստ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն, օ­րի­նա­գի­ծին ըն­դու­նու­մէն ետք բնա­կան կա­զի գի­նը մէկ լից­քա­ւոր­ման հա­մար կը բարձ­րա­նայ շուրջ 200 դրա­մով: Օ­րէնս­դիր­նե­րը շեշ­տե­ցին, որ ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի սա­կի բարձ­րա­ցու­մէն ետք, ա­սի­կա նոր հա­րո­ւած պի­տի ըլ­լայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն:

Ու­շագ­րաւ է, որ օ­րի­նա­գի­ծին դէմ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան ե՛ւ իշ­խա­նա­մէտ, ե՛ւ ընդ­դի­մա­դիր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը: Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի տնտե­սա­կան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ Վար­դան Այ­վա­զեան շեշ­տեց, որ այս փո­փո­խու­թիւ­նը նոյ­նիսկ ի­րենք չեն հա­սած քննար­կե­լու յանձ­նա­խում­բին մէջ:

Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Ար­ծո­ւիկ Մի­նա­սեան ը­սաւ, որ միայն կա­զի լից­քա­ւոր­ման 200 դրամ բարձ­րա­ցու­մը լուրջ հա­րո­ւած կ­՛ըլ­լայ հա­յաս­տան­ցի­նե­րուն հա­մար, եւ կրնայ ազ­դել փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու սա­կե­րուն վրայ: Ըստ ա­նոր, ո­գե­լից ըմ­պե­լի­նե­րու եւ ծխա­խո­տի գի­նը բարձ­րաց­նե­լը պատ­ճառ մը եւս կը դառ­նայ, որ­պէս­զի մար­դոց գնո­ղու­նա­կու­թիւ­նը իյ­նայ, գոր­ծա­րան­ներ փա­կո­ւին կամ աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու թի­ւը կրճա­տո­ւի:

Կա­ռա­վա­րու­թի­նը օ­րի­նա­գի­ծին հիմ­նա­ւոր­ման մէջ գրած է, որ այս փո­փո­խու­թեամբ կա­րե­լի կ­՛ըլլ­լայ 9 եր­կի­լիոն դրամ մտցնել պիւտ­ճէ: