Նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 10ին ընդունեց Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալան, որ Հայաստանի մէջ մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ.ի հիւրընկալած Ընկերվար Միջազգայնականի Ա.Պ.Հ.ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու յանձնախումբի ժողովին:
Նախագահ Սարգսեան ողջունեց հիւրը Հայաստանի մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ երեւանեան ժողովը յաջող ընթացք ունեցած ըլլայ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց ամբողջ աշխարհի մէջ ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարներ դաւանող քաղաքական ուժերը միաւորող Ընկերվար Միջազգայնականի գործունէութիւնը, որուն հռչակած քաղաքական արժէքներն են՝ ազատութիւնը, արդարութիւնը եւ համերաշխութիւնը: Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղարը գոհունակութեամբ խօսեցաւ ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն մասին:
Հակիրճ ներկայացնելով գործունէութիւնը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու համաշխարհային կառոյց Ընկերվար միջազգայնականի, որ կը համախմբէ բոլոր ցամաքամասերէն 152 անդամ կուսակցութիւններ եւ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, Լուիս Այալա ընդգծեց, որ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը Ընկերվար Միջազգայնականի անդամ Հ.Յ.Դ.ի միջոցով տարուէ տարի կ՛ամրապնդուի: Ան նշեց, որ կառոյցը իր համերաշխութիւնը յայտնած է Հ.Յ.Դ.ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու իրականացման վերաբերեալ կուսակցութեան դիրքորոշումին հարցին մէջ, կարեւոր նկատելով երկրին մէջ բարեփոխումներու խորացումը եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման օրակարգին յառաջ մղումը:
Զրուցակիցները քննարկեցին շրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան սպառնացող մարտահրաւէրները, անդրադարձան Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ ճամբով լուծման բանակցային հոլովոյթին, առկայ խնդիրներուն, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման հոլովոյթին: