Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ պահպանուած եւ մեզի հասած որեւէ վկայութիւն, նամակ, լուսանկար կամ բացիկ շա՛տ կարեւոր են այդ շրջանի իրադարձութիւններուն ուսումնասիրութեան համար:
Տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի հաւաքածոն համալրուած է բազմաթիւ արժէքաւոր նմոյշներով, որոնք ձեռք բերուած են անհատներու նիւթական աջակցութեան եւ նուիրատուութիւններու շնորհիւ: Այս առումով, աւանդոյթ դարձած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի համագործակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին հետ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէնի անմիջական աջակցութեամբ, նախապէս ձեռք բերուած են թանգարանային եզակի միաւորներ: Մասնաւորապէս Արեւմտեան Հայաստանի պատկերներով եւ հայկական նիւթերով հնատիպ բացիկներու հաւաքածոյ, հազուագիւտ աղբիւրագիտական գրականութիւն, պատմական վաւերագիրներ` Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայերու նկատմամբ ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութեան մասին, հայ գաղթականները պատկերող բնօրինակ լուսանկարներ, մինչեւ Ցեղասպանութիւն արեւմտահայ կեանքին վերաբերող իրեր, նամակներ, նամականիշներ, յայտնի հայկական ընտանիքներու լուսանկարներ եւ հնատիպ թերթեր:
Նմոյշներուն զգալի մասը կարելի եղած է հայթայթել լոսանճելըսաբնակ ամերիկահայ հայր եւ որդի Օհաննէս եւ Հրաչ Հաննէսեաններու օժանդակութեամբ: «Շիրակ» տպագրատան սեփականատէր Հաննէսեան ընտանիքը տարիներ շարունակ հաւաքած է Ցեղասպանութեան փաստը վաւերագրող արժէքաւոր նիւթեր, որոնք այսօր հանրութեան հասանելի են: Այս անգամ եւս Ռալֆ Եիրիկեանի եւ Հրաչ Հաննէսեանի ջանքերով ձեռք բերուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին յանձնուած են արժէքաւոր նմոյշներ: