Յու­նիս 8ին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի Մ­շա­կոյ­թի եւ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան ­Պա­լա­տին մէջ, Ար­ցա­խի ­Պե­տա­կան ­Պատ­մաերկ­րա­գի­տա­կան ­Թան­գա­րա­նի ա­ջակ­ցու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցած է ­Հայ­կա­կան ­Ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը Ու­սում­նա­սի­րող (Հ.Ճ.Ու.) կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ ­Սա­մո­ւէլ ­Կա­րա­պե­տեա­նի «Ե­ղեռն` Ե­ղեռ­նից յե­տոյ» խո­րագ­րով շրջուն ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը:

Բաց­ման խօս­քին մէջ Ար­ցա­խի ­Պե­տա­կան ­Պատ­մաերկ­րա­գի­տա­կան ­Թան­գա­րա­նի տնօ­րէն ­Մե­լա­նիա ­Բա­լա­յեան կա­րե­ւո­րած է նման ձեռ­նարկ­նե­րը եւ յոյս յայտ­նած, որ ա­նի­կա շա­րու­նա­կա­կան բնոյթ կ’ու­նե­նայ: «Ակն­յայտ է, որ այ­սօր շա­րու­նակ­ւում են կազ­մա­կեր­պել մի­ջո­ցա­ռում­ներ՝ նո­ւի­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեա­նը, եւ այդ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րում ակն­յայտ ներ­կա­յաց­ւում է ­Թուր­քիա­յի ջար­դա­րա­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը»,- ը­սած է Մ. ­Բա­լա­յեան: Լ.Ղ.Հ. Մ­շա­կոյ­թի եւ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րի նա­խա­րար ­Նա­րի­նէ Ա­ղա­բա­լեան իր հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է Ս. ­Կա­րա­պե­տեա­նին, նման հայ­րե­նա­նո­ւէր գոր­ծի հա­մար: