Մայիս 8ին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ վառած ջահը Յունիս 8ին հասաւ Քարվաճառ: Քարվաճառի Չօփռլու կոչուող տարածքին մէջ՝ «Թանկ» յուշարձանի տարածքին, հայոց բերդաքաղաքէն բերուած
ջահը յաջորդ ջահակիրին՝ ապագայ զինուոր Լեւոն Պօղոսեանին փոխանցեց սամպոյի աշխարհի ախոյեան Մաւրիկ Նասիբեան: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ին կը տեղեկացնէ Աննա Վարդանեան: Ջահակիրը եւ տարածքը պատահաբար չեն ընտրուած.- «Այստեղ հաւաքուելով՝ մենք եւս մէկ անգամ հաստատում ենք, որ մենք տէրն ենք մեր յաղթանակներին: Համահայկական Խաղերը զուտ սպորտային (մարզական) միջոցառում չեն, դրանք Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք կապի լաւագոյն դրսեւորումներից մէկն են: Հէնց այս տարածքում ջահի փոխանցմամբ մենք ասում ենք, որ բանակը միշտ հասարակութեան հետ է եւ ունի փայլուն ապագայ»,- ըսած է Պ.Ն. 2րդ բանակային ջոկատի հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Պօղոս Պօղոսեան:
Լեւոն Պօղոսեան՝ ընդունելով ջահը, յստակ կը գիտակցի, թէ ի՞նչ յատկանիշներով պէտք է օժտուած ըլլայ ջահակիրը: «Ջահակիրը պէտք է ըլլայ հայրենասէր ու առոյգ»,- կ՛ըսէ զինուորը ու առանց վայրկեան մը իսկ կանգ առնելու կը վազէ դէպի Վարդենիս տանող մայրուղիով: Համահայկական Ամառնային 6րդ Խաղերու ջահի յաջորդ կանգառը Վարդենիսն է:
Համահայկական Ամառնային 6րդ Խաղերը տեղի պիտի ունենան Օգոստոս 2էն 13: Մրցումներ պիտի իրականացուին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Արցախցի մարզիկները վստահ են՝ խաղերուն պարտուողներ պիտի չըլլան, կարեւորը մասնակցութիւնն ու միասնութիւնն է: Իսկ գլխաւոր յաղթանակը արդէն արձանագրուած է Արցախեան Հերոսամարտին: