Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիւ­րըն­կա­լած ­Յանձ­նա­խում­բի ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Ե­րե­ւան ժա­մա­նած են ըն­կեր­վա­րա­կան եւ ըն­կեր­վար-ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ

­Ռու­սիա­յէն, Ուք­րա­նիա­յէն, Վ­րաս­տա­նէն, ­Ղա­զախս­տա­նէն, ­Պե­լո­ռու­սէն, ­Մոլ­տո­վա­յէն, ­Հուն­գա­րիա­յէն, Ղրղզս­տա­նէն, ինչ­պէս նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նէն:

«­Սո­ցին­թերն»ի գլխա­ւոր քար­տու­ղար ­Լո­ւիս Ա­յա­լա­յի ա­ռա­ջար­կով՝ ժո­ղո­վը սկսած է մէկ վայր­կեան յար­գան­քի լռու­թեամբ՝ ­Վա­հան ­Յով­հան­նի­սեա­նի յի­շա­տա­կին:

Ա­յա­լա նշած է, որ ­Վա­հան ­Յով­հան­նի­սեա­նի աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ ­Հա­յաս­տա­նի հետ ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի աշ­խա­տան­քը աշ­խու­ժա­ցած է:

­Բաց­ման խօս­քին մէջ Ա­յա­լա անդ­րա­դար­ձած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին:

«­Յոյ­սով եմ, որ պի­սի գայ այն օ­րը, երբ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ կը հաս­տա­տո­ւի ի­րա­կան խա­ղա­ղու­թիւն՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­մամբ: «­Սո­ցին­թերն» նաեւ հիա­նա­լի հար­թակ է, նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն, որ­պէս­զի մէկ սե­ղա­նի շուրջ ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը յայտ­նեն նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի ու ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը»,- ը­սած է ­Լո­ւիս Ա­յա­լա:

Շր­ջա­նի հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու խա­ղաղ կար­գա­ւո­րում, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ա­պա­հո­վում եւ ամ­րապն­դում, Ա.Պ.Հ., ­Կով­կա­սեան եւ ­Սեւ­ծո­վեան եր­կիր­նե­րու մէջ ըն­կեր­վա­րա­կան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ.- ա՛յս հար­ցերն են Հ.Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիւ­րըն­կա­լած այս ժո­ղո­վին օ­րա­կար­գին վրայ: «Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, անդ­րա­դառ­նում ենք ըն­թա­ցիկ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րին, սո­ցիալ-դե­մոկ­րա­տա­կան խնդիր­նե­րին, ինչ­պէս նաեւ՝ դրանց յա­ղ­թա­հար­մանն ուղ­ղո­ւած լու­ծում­նե­րին: Ի հար­կէ, կա­րե­ւո­րա­գոյն մաս են կազ­մում նոր աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս ուք­րա­նա­կան դէպ­քե­րը: ­Սա­կայն բա­ցի դրա­նից, Ա.Պ.Հ. տա­րած­քում ու­նենք շատ խնդիր­ներ, ո­րոնք քննար­կո­ւե­լու են, այդ թւում՝ ­Ղա­րա­բա­ղեան ­Հիմ­նախն­դի­րը»,- ժո­ղո­վին ուղ­ղո­ւած իր խօս­քին մէջ ը­սած է Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան: