Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան Յու­նիս 3ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, հան­դի­պում ու­նե­ցած է Ե.Ա.Հ.Կ. գոր­ծող նա­խա­գահ, Սեր­պիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չի­չի հետ:

Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան գլխա­ւոր վար­չու­թեան փո­խանց­մամբ՝ հան­դի­պու­մին քննար­կո­ւած են ատր­պէյ­ճա­նա­կան-ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րուն վե­րա­բե­րող շարք մը հար­ցեր: Նա­խա­գահ Սա­հա­կեան նշած է, որ պաշ­տօ­նա­կան Ս­տե­փա­նա­կեր­տը կողմ­նա­կից է հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման՝ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­կի Խում­բի ծի­րէն ներս, նաեւ ընդգ­ծած է բա­նակ­ցա­յին լիար­ժէք ձե­ւա­չա­փի վե­րա­կանգն­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ զայն հա­մա­րե­լով գոր­ծըն­թա­ցի ա­ռանց­քա­յին բա­ղադ­րա­մա­սե­րէն մէ­կը:

Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գա­հը նաեւ մատ­նան­շած է Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ վա­րո­ւող խիստ ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ Պա­քո­ւի պա­հո­ւած­քը ո­րա­կե­լով որ­պէս տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ կա­յու­նու­թեան սպառ­նա­լիք, մի­ջազ­գա­յին չա­փո­րո­շիչ­նե­րու ու սկզբունք­նե­րու կո­պիտ ոտ­նա­հա­րում:

Հան­դի­պու­մին մաս­նակ­ցած են ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան, Ե.Ա.Հ.Կ. գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Քասփրչիկ, պաշ­տօ­նա­տար այլ ան­ձիք: