Յու­նիս 3ին, Չե­խիա կա­տա­րած իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցին վեր­ջին օ­րը, Փ­րա­կա­յի Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նին մէջ, վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան հան­դի­պած է Փ­րա­կա­յի Ար­քե­պիս­կո­պոս կար­տի­նալ Տո­մի­նիք Տու­քա­յի հետ: Ինչ­պէս կը յայտ­նեն Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար՝ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան բարձր գնա­հա­տած է Հա­յաս­տա­նի եւ Չե­խիոյ մի­ջեւ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րա­ցու­մը եւ, այս ծի­րէն ներս, կա­րե­ւո­րած է Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Չեխ Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: Վար­չա­պե­տը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է, որ չեխ կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցին Փ­րա­կա­յի կեդ­րո­նին մէջ գտնո­ւող Սուրբ Եի­լիի տա­ճա­րը կը տրա­մադ­րէ հայ­կա­կան ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րու եւ պա­տա­րագ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար եւ իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նած է կար­տի­նա­լին՝ Չե­խիոյ մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցին ու Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րուն ա­նոր ցու­ցա­բե­րած ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար:

Ող­ջու­նե­լով Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նին՝ կար­տի­նալ Տու­քան բարձր գնա­հա­տած է Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցը Չե­խիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւն եւ կա­րե­ւո­րած է զայն՝ հայ-չե­խա­կան բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ խո­րաց­ման պա­րու­նա­կին մէջ: Ար­քե­պիս­կո­պո­սի խօս­քով՝ մեծ պա­տիւ է ըն­դու­նիլ այ­ցը քրիս­տո­նէու­թիւ­նը որ­պէս պե­տա­կան կրօն ա­ռա­ջի­նը ըն­դու­նած եւ աշ­խար­հի ա­մե­նա­հին ազ­գե­րէն մէ­կուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Ար­քե­պիս­կո­պո­սը անգ­նա­հա­տե­լի է հա­մա­րած հայ ժո­ղո­վուր­դին ներդ­րու­մը հա­մաշ­խար­հա­յին հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան մէջ:

Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին կող­մե­րը քննար­կած են այլ հար­ցեր եւս, անդ­րա­դար­ձած են տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու: