Հա­յաս­տանն ու Սեր­պիան կ­՛աշ­խու­ժաց­նեն բարձր մա­կար­դա­կի քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը: Ար­դէն աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րո­ւին Ե­րե­ւա­նի եւ Պելկ­րա­տի մէջ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րու հաս­ տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ:

«Ար­մէնփ­րես»ի փո­խանց­մամբ՝ Յու­նիս 3ին, Հա­յաս­տան ժա­մա­նած Ե.Ա.Հ.Կ. գոր­ծող նա­խա­գահ եւ Սեր­պիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չի­չի հետ հա­մա­տեղ ա­սու­լի­սի ժա­մա­նակ, այս մա­սին յայտ­նած է Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ Նալ­պան­տեան:

«­Հա­յաս­տա­նը եւ Սեր­պիան, հա­յերն ու սեր­պե­րը եղ­բայ­րա­կան երկր­ներ եւ ժո­ղո­վուրդ­ներ են: Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քում բազ­մա­թիւ են դրո­ւագ­նե­րը, երբ հա­յը եւ սեր­պը, փո­խա­դարձ հա­մե­րաշ­խու­թեան դրսե­ւոր­մամբ, ծանր պա­հե­րի մի­մեանց ձեռք են մեկ­նել: Մենք եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րում ենք Հա­յաս­տա­նը եւ Սեր­պիան կա­պող դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը»,- ը­սած է Նալ­պան­տեան՝ յատ­կա­պէս կա­րե­ւո­րե­լով Սեր­պիոյ նա­խա­գահ Տո­միս­լաւ Նի­կո­լի­չի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Ապ­րիլ 24ին, Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րի մէջ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թեա­ն:

Հ.Հ. ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թեան ղե­կա­վա­րին խօս­քով՝ հան­դիպ­ման ըն­թա­քին ստո­րագ­րո­ւած է եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ փոխ-գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին յու­շա­գիր, ո­րով կը նա­խա­տե­սո­ւի պար­բե­րա­կան քա­ղա­քա­կան խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում:

Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են երկ­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման եւ ընդ­լայն­ման նպա­տա­կով ձեռ­նար­կո­ւե­լիք քայ­լե­րը, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ միջ-խորհըր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րու ամ­րապնդման հետ կա­պո­ւած հար­ցեր: Սեր­պիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չիչ Հա­յաս­տան ժա­մա­նած է Յու­նիս 3ին: Ա­սի­կա ա­նոր ա­ռա­ջին այցն է Ե­րե­ւան:

Նախ­քան Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լը, Տա­չիչ Մա­յիս 31ին այ­ցե­լած է Ատր­պէյ­ճան, ա­պա՝ Վ­րաս­տան: