­Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան Յու­նիս 2ին, Շու­շիի շրջա­նի Հին շէն գիւ­ղին մէջ, ներ­կայ ե­ղած է «Խ­նո­ցի» ար­ցա­խեան փա­ռա­տօ­նին:

Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան գլխա­ւոր վար­չու­թեան հա­ղոր­դու­մով՝ նա­խա­գահ Սա­հա­կեան նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­րէ ազ­գա­յին ա­ւան­դոյթ­նե­րու պահ­պան­ման եւ տա­րած­ման կա­րե­ւոր մի­ջոց­նե­րէն մէ­կը` նշե­լով, որ փա­ռա­տօն­նե­րը պէտք է դառ­նան ա­ւան­դա­կան: Փա­ռա­տօ­նին ներ­կայ ե­ղած են Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ Ղու­լեան, վար­չա­պետ Ա­րա Յա­րու­թիւ­նեան, պաշ­տօ­նա­տար այլ ան­ձիք, հիւ­րեր Հա­յաս­տա­նէն եւ ար­տերկ­րէն: Այս մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը ար­դէն իսկ մշա­կու­թա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ան­քակ­տե­լի մա­սը կը կազ­մեն, որ նաեւ նպա­տակ ու­նի բարձ­րաց­նե­լու Ար­ցա­խի մշա­կու­թա­յին ու զբո­սաշր­ջա­յին գրաւ­չու­թիւ­նը։