altՆա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ­Յու­նիս 2ին ներ­կայ գտնո­ւած է մայ­րա­քա­ղա­քի ­Մա­լա­թիա-­Սե­բաս­տիա վար­չա­կան շրջա­նին մէջ «­Հա­յաս­տան» թատ­րո­նի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան,-կը հա­ղոր­դէ Հ.Հ. նա­խա­գա­հի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը:

Շր­ջայ­ցի ըն­թաց­քին հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ծա­նօ­թա­ցած է 2013 թո­ւա­կա­նէն թատ­րո­նին մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ, կա­տա­րո­ւած շուրջ 8 մլն. Ա.Մ.Ն. տո­լա­րի հա­մար­ժէք դրա­մի ներդ­րում­նե­րու ար­դիւն­քով, ստեղ­ծո­ւած ժա­մա­նա­կա­կից ըն­տա­նե­կան ժա­ման­ցի կեդ­րո­նի (թատ­րոն, խա­ղաս­րահ­ներ, ե­րաժշ­տա­կան ժա­ման­ցի կեդ­րոն) հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն:

­Կեդ­րո­նին մէջ կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւին նաեւ բա­րե­գոր­ծա­կան ծրա­գիր­ներ, կը կազ­մա­կեր­պո­ւին ֆիլ­մի ե­րի­տա­սարդ գոր­ծիչ­նե­րու, տեխ­նի­կա­կան մաս­նա­գէտ­նե­րու ու­սում­նա­կան դա­սըն­թաց­ներ:

­Թատ­րո­նը այս տա­րի իր դռնե­րը պի­տի բա­նայ նաեւ «Ոս­կէ ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի մաս­նա­կից­նե­րուն առ­ջեւ: ­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան այ­նու­հե­տեւ թոռ­նիկ­նե­րուն հետ այ­ցե­լած է Ե­րե­ւա­նի ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գի, ուր 2014-2015ին Այ­գիի վե­րա­նո­րոգ­ման եւ զար­գաց­ման ծրա­գի­րով ի­րա­կա­նա­ցո­ւած են մե­ծա­ծա­ւալ աշ­խա­տանք­ներ, ինչ­պի­սիք չեն ի­րա­կա­նա­ցո­ւած Այ­գիի հիմ­նադր­ման օ­րէն:

­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ շրջած է Այ­գիին մէջ, ծա­նօ­թա­ցած Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի են­թա­կա­յու­թեամբ գոր­ծող ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիի բա­րե­կարգ­ման եւ զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ­Կեն­դա­նա­բա­նա­կան Այ­գիի նո­րա­կա­ռոյց ժա­մա­նա­կա­կից սար­քա­ւո­րում­նե­րով յա­գե­ցած բու­ժա­կան կէ­տին մէջ ստեղ­ծո­ւած պայ­ման­նե­րուն: ­Տե­ղադ­րո­ւած են նոր ցայ­տաղ­բիւր­ներ, կա­նա­չա­պա­տո­ւած է 7000 քմ. հո­ղա­տա­րածք, ցա­նո­ւած են նոր ծա­ռա­տե­սակ­ներ եւ թու­փեր, ի­րա­կա­նա­ցո­ւած են ծաղ­կա­յին ձե­ւա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­ներ: ­Վե­րա­կա­ռու­ցո­ւած է Այ­գիի ան­ցա­կէ­տը, որ ա­պա­հո­վո­ւած է է­լեկտ­րո­նա­յին հսկիչ եւ գրան­ցող սար­քա­ւո­րում­նե­րով: