«Business Insider» կայքի աւստրալիական տարբերակը ներկայացուցած է Եւրոպայի զբօսաշրջութեան լաւագոյն վայրերէն քանի մը հատը, որոնք մինչեւ հիմա անյայտ են շատերու համար:
Թաքնուած մարգարիտներու իր ցանկին մէջ կայքը ներառած է 16 վայր` Դանիոյ Ֆերարեան կղզիներէն մինչեւ Հայաստանի հնագոյն վանքերը: 16 տեսարժան վայրերու շարքին կայքը ներկայացուցած է Տաթեւի վանքը: «Հայաստանի Տաթեւ գիւղի հարեւանութեամբ կը գտնուի 9րդ դարու Տաթեւի վանքը: Անհաւանականօրէն լաւ պահպանուած այս վանքէն հիասքանչ տեսարաններ կը բացուին»,- ըսուած է կայքի լուսանկարներով ուղեկցուող հրապարակման մէջ: