­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան 31 Մայսին ներ­կայ գտնո­ւած է ­Սե­ւան քա­ղա­քի «­Սուրբ Հ­րեշ­տա­կա­պե­տաց» եւ Ար­տա­շատ քա­ղա­քի «­Սուրբ ­Յով­հան­նէս» նո­րա­կա­ռոյց ե­կե­ղե­ցի­նե­րու օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն` հան­դի­սա­պե­ տու­թեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ­Գա­րե­գին Բ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի: Այս մա­սին կը յայտ­նեն նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կայ­նու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թե­նէն:

Ս. ­Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նի­չի ա­նու­նը կրող Ար­տա­շա­տի վե­րոն­շեալ ե­կե­ղե­ցին կա­ռու­ցո­ւած է ՀՀ վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու բա­րե­րա­րու­թեամբ եւ ՀՀ վաս­տա­կա­ւոր ճար­տա­րա­պետ Ար­տակ ­Ղու­լեա­նի նա­խա­գի­ծով:

­Սե­ւա­նի «­Սուրբ Հ­րեշ­տա­կա­պե­տաց» ե­կե­ղե­ցին կա­ռու­ցո­ւած է ­Մայր Ա­թո­ռի բա­րե­րար ֆրան­սաբնակ ­Սար­գիս ­Պե­տո­յեա­նի ջան­քե­րով եւ դար­ձեալ ՀՀ վաս­տա­կա­ւոր ճար­տա­րա­պետ Ար­տակ ­Ղու­լեա­նի նա­խա­գի­ծով: