­alt28 Մա­յի­սին Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի իշ­խա­նու­թեանց վեր­նա­խա­ւը, ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, Սար­դա­րա­պա­տի Հե­րո­սա­մար­տի յու­շա­հա­մա­լի­րին մէջ, մաս­նակ­ցած է Մա­յի­սեան Յաղ­թա­նակ­նե­րուն եւ Ա­ռա­

ջին Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման 97ա­մեա­կին նուիրուած հան­դի­սու­թեան:

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այս ա­ռի­թով ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղած է Սար­դա­րա­պա­տի Ճա­կա­տա­մար­տի հե­րոս­նե­րուն յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցած: Նա­խա­գա­հը, որ նաեւ Հ.Հ. զի­նո­ւած ու­ժե­րու գե­րա­գոյն գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տարն է, ող­ջու­նած է տօ­նին ա­ռի­թով կա­յա­ցած զօ­րա­հան­դէ­սին մաս­նա­կից­նե­րը, շնոր­հա­ւո­րած Հան­րա­պե­տու­թեան Տօ­նին առ­թիւ:

Ան­կէ ետք, Սար­դա­րա­պա­տի յու­շա­հա­մա­լի­րի Հա­յոց Ազ­գագ­րու­թեան եւ Ա­զա­տագ­րա­կան Պայ­քա­րի պատ­մու­թեան ազ­գա­յին թան­գա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է պար­գե­ւատր­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն Հան­րա­պե­տու­թեան Տօ­նին ա­ռի­թով:

Նա­խա­գա­հին հրա­մա­նա­գիր­նե­րով՝ այս ա­ռի­թով պե­տա­կան պար­գեւ­ներ եւ կո­չում­ներ տրո­ւած են գի­տու­թեան, կրթու­թեան, տնտե­սու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, մշա­կոյ­թի ո­լորտ­նե­րու, ա­րո­ւես­տի ու մարմ­նակըր­թու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րու, Ս­փիւռ­քի շարք մը ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հա­յոց բա­նա­կի խումբ մը զի­նո­ւոր­նե­րու: Այս ա­ռի­թով ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան յայտ­նած է, որ լուրջ խոր­հուրդ ու­նի այն փաս­տը, որ բարձր պար­գեւ­ներ կը տրո­ւին 28 Մա­յի­սին, Սար­դա­րա­պա­տի մէջ։

Հան­դի­սու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը այ­նու­հե­տեւ մաս­նակ­ցած են տօ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան։