1989 թո­ւա­կա­նին Ե­րե­ւան ծնած յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմբ­շա­մար­տի Հա­յաս­տա­նի ա­խո­յեա­նու­թեանց գեր-ծանր ծան­րու­թեան կար­գի մրցա­նա­կա­կիր Է­դո­ւարդ Սո­ղո­մո­նեան, որ 2012 թո­ւա­կա­նէն ի վեր կը բնա­կի Պ­րա­զիլ, ար­ժա­ նա­ցած է 2016ին Ռիօ Տէ Ժա­նե­րո­յի ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն Պ­րա­զի­լը ներ­կա­յաց­նե­լու մեծ պա­տի­ւին: Ան այս տա­րի դար­ձած է ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­ման­ցի ըմ­բի­շը, ո­րուն Պ­րա­զի­լի քա­ղա­քա­ցիու­թիւն շնոր­հո­ւած է: Սո­ղո­մո­նեան այ­սու­հե­տեւ մի­ջազ­գա­յին մրցում­նե­րուն հա­րաւ-ա­մե­րի­կեան այս եր­կի­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ: Հայ ըմ­բի­շը վեր­ջերս մաս­նակ­ցած է ըմբշ­մար­տի 2015ի Պ­րա­զի­լի ա­խո­յեա­նու­թեան եւ գեր-ծանր` 130 քկ. ծան­րու­թեան կար­գին մէջ նո­ւա­ճած է երկ­րի ա­խո­յեա­նի տիտ­ղո­սը: Սո­ղո­մո­նեան՝ պար­տու­թեան մատ­նե­լով իր բո­լոր մրցա­կից­նե­րը՝ հա­սած է եր­զա­փա­կիչ, ուր ա­ռա­ւե­լու­թեան հա­սած է նաեւ Ի­սա­հակ Սա­ւե­սի նկա­մամբ եւ նո­ւա­ճած է ստու­գա­տե­սի ոս­կէ մե­տա­լը: