altՊաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան զգու­շա­ցու­ցած է Պա­քուն, ը­սե­լով, որ նա­խա­յար­ձա­կու­մի պա­րա­գա­յին, Հա­յաս­տան որ­պէս ե­րաշ­խա­ւո­րը Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թեան, պի­տի ը­նէ իր ամ­բողջ կա­րե­լին զայն պաշտ­պա­նե­լու հա­մար: Ըստ նա­խա­րա­րին, ե­թէ Պա­քու պա­տե­րազմ սկսի, հայ­կա­կան բա­նա­կը գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պի­տի ձեռ­նար­կէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղէն ալ ան­դին, այլ խօս­քով՝ Ատր­պէյ­ճա­նէն ներս:
­Նոյ­նի­մաստ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցած է նաեւ Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հի բան­բեր Դա­ւիթ Բա­բա­յեան: «­Հա­յոց Աշ­խարհ» օ­րա­թեր­թին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան ը­սած է, թէ Ատր­պէյ­ճան պէտք է նա­խօ­րօք ի­մա­նայ, թէ պա­տե­րազ­մի ձեռ­նար­կե­լու պա­րա­գա­յին իր գիւ­ղե­րը, քա­ղաք­նե­րը, նե­րա­ռեալ՝ Պա­քուն պի­տի չխնա­յո­ւին եւ պի­տի վե­րա­ծո­ւին ռազ­մա­դաշ­տի: Բա­բա­յեա­նի հա­մա­ձայն, ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տա­րի­նե­րով խա­բած են ի­րենց ժո­ղո­վուր­դը սու­տե­րով, պատ­մե­լով թէ ի­րենց բա­նա­կը կը գե­րա­զան­ցէ, մինչ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին տար­բեր է: