Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րար Նա­րեկ Սարգ­սեա­նի շուրջ 6 ա­միս տե­ւած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք, 26 Մա­յի­սին Հա­յաս­տան բե­րո­ւած է Պոլ­սոյ բազ­մա­թիւ բարձ­րար­ժէք եւ յայտ­նի շէն­քե­րու հե­ղի­նակ Պա­լեան ճար­տա­րա­պե­տա­կան գեր­դաս­տա­նի ար­խի­ւը (նա­խա­գի­ծեր, լու­սան­կար­ներ եւ գրա­ւոր նիւ­թեր):

Բա­ցա­ռիկ այս ժա­ռան­գու­թեան հետ ճար­տա­րա­պետ­ներ Լե­ւոն, Յով­հան­նէս եւ Ար­մէն Կու­րե­ղեան­նե­րու, ան­ծա­նօթ հե­ղի­նակ­նե­րու 1900-1904 թո­ւա­կան­նե­րու հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան յու­շար­ձան­նե­րու լու­սան­կար­նե­րու ար­խի­ւը եւս ի­տա­լաբ­նակ հայ ճար­տա­րա­պետ Ար­մէն Կու­րե­ղեա­նի կող­մէ իբ­րեւ նո­ւէր յանձ­նո­ւած է Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան։