­Հ.Հ. Ա.Ժ. նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցի ծի­րէն ներս, Գա­նա­տա­յի խորհր­դա­րա­նին մէջ, Հ.Հ. Ա.Ժ. պատ­գա­մա­ւոր ու Հա­յաս­տան-­Գա­նա­տա Բա­րե­կա­մա­կան Խում­բի ղե­կա­վար Յով­հան­նէս Սա­հա­կեան եւ Գա­նա­տա-­Հա­յաս­տան Բա­րե­կա­մա­կան Խում­բի ղե­կա­վար Հե­րըլտ Ալպ­րեխտ, հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղա­կար­գով, Մա­յիս 26ին Օթ­թաո­ւա­յի մէջ ստո­րագ­րած են Բա­րե­կա­մա­կան Խում­բե­րու միա­ցեալ հռչա­կա­գիր: Հ.Հ. Ա.Ժ. հա­սա­րա­կայ­նու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան փո­խանց­մամբ` հռչա­կա­գի­րը կը մի­տի Գա­նա­տա­յի խորհր­դա­րա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման եւ մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ երկ­խօ­սու­թեան ու փո­խա­դարձ ա­ջակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման: Ըն­դու­նե­լով միա­ցեալ հռչա­կա­գիր` կող­մե­րը հաս­տա­տած են, որ պի­տի ձգտին ընդ­լայ­նե­լու ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բա­րի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եր­կու եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րուն մի­ջեւ՝ բա­րե­կա­մա­կան եւ փո­խըմբռն­ման ո­գով: Ա­նոնք պի­տի ձգտին խթա­նե­լու սերտ եւ ու­ղիղ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Գա­նա­տա-­Հա­յաս­տան եւ Հա­յաս­տան-­Գա­նա­տա խորհր­դա­րա­նա­կան Բա­րե­կա­մա­կան Խում­բե­րու մի­ջեւ:

Կող­մե­րը կը խրա­խու­սեն եր­կու խորհր­դա­րան­նե­րու միա­ցեալ աշ­խա­տանք­նե­րը՝ ուղ­ղո­ւած օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի փոր­ձի փո­խա­նակ­ման եւ միա­ցեալ ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման: