«Սիմոնեան» Կրթական Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, երրորդ «Թումօ» կեդրոնի բացումը կայացած է Գիւմրիի մէջ: «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ` սկզբնական շրջանին կեդրոնը պիտի գործէ Գիւմրիի տեխնոլոգիա կան կեդրոնի տարածքին, իսկ հետագային կը նախատեսուի զայն տեղափոխել Գիւմրիի թատրոն:
«Սիմոնեան» Կրթական Հիմնադրամի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան յոյս յայտնած է, որ թատրոնի շէնքին վերանորոգումը պիտի կայանայ մօտ ապագային, եւ կեդրոնը լիարժէք պիտի գործէ: Փափազեան կը շեշտէ, որ Գիւմրիի «Թումօ»ն գրեթէ ոչինչով կը զիջի Երեւանի եւ Դիլիջանի «Թումօ»ներուն եւ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն, որ կեդրոններուն մէջ արհեստագիտական յագեցուածութիւնը եւ հնարաւորութիւնները ըլլան հաւասար:
Յունիսէն Գիւմրիի «Թումօ»ի անդամ դառնալու համար տեղի պիտի ունենայ երիտասարդներու արձանագրութիւն, իսկ դասընթացքները պիտի սկսին Սեպտեմբերին: Սկզբնական շրջանին տարածքը պիտի ներառէ 60 աշխատանքային կէտ, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ հիւրընկալելու մինչեւ 1000 ուսանող:
Այժմ «Սիմոնեան» Կրթական Հիմնադրամը աշխատանքեր կը տանի Ստեփանակէտի մէջ «Թումօ» կեդրոնի ստեղծման ուղղութեամբ: Կը նախատեսուի մինչեւ Սեպտեմբեր աւարտին հասցնել շինարարութիւնը եւ «Թումօ Ստեփանակերտ»ը իր դռները բանայ արցախցի 1000 պատանիներու առջեւ:
«Թումօ» իր վրայ առաքելութիւն վերցուցած է տարածուելու եւ հասանելի դառնալու ամբողջ Հայաստանի երիտասարդներուն համար: Կեդրոնը մշտապէս կը համագործակցի ոլորտի միջազգային առաջատար մասնագէտներու հետ, որոնք կ՛այցելեն Հայաստան` իրենց փորձը կիսելու համար երիտասարդներու հետ:
Այսօր Երեւանի «Թումօ» կը յաճախէ 12-18 տարեկան 6000 պատանի: Կեդրոնի հիմնադրումէն ետք «Թումօ»ի ուսումնական ծրագրին մէջ ընդգրկուած է 12 հազար պատանի: Գիւմրիի «Թումօ» կեդրոնի ստեղծման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի: 2014 թուականի Հոկտեմբեր 7ին «Շանթ» հեռուստատեսութեան կազմակերպած մարաթօնի արդիւնքով հանգանակուած էր 250 հազար տոլար, որ տրամադրուած է կեդրոնին: