Այժմ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող պատմական հայկական Մուշ քաղաքի Առաքելոց վանքը ու յարակից կառոյցները կ՛աւերուին գանձեր որոնողներու կողմէ:
18րդ դարու այդ վանական համալիրը յայտնուած է անմխիթար վիճակի մէջ: Աղբիւրին բնութագրմումով` «խլուրդներու բոյնի» վերածուած համալիրին գերեզմանները պղծուած են, մարդկային ոսկորները` այս ու այն կողմ ցիրուցան:
Այաք գիւղին մէջ գտնուող Առաքելոց վանական համալիրի աւերման փաստի առթիւ Թուրքիոյ տարբեր բնակավայրերու հայկական համայնքներու «Ընկերային Օգնութեան եւ Մշակութային Համերաշխութեան» միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճըն դիմած է Մուշի նահանգապետարան, որմէ ետք իրավիճակի ստուգման համար ոստիկանական խումբ մը ուղարկուած է վանական համալիր: Կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ համալիրի տարածքին մեծ թիւով գերեզմանոցներ քանդուած եւ փորուած են, որոշ զարդանախշ գերեզմանաքարեր ալ անհետացած են:
Տաղճըի վկայութեամբ` համալիրի ողջ տարածքին գանձեր որոնողներու կողմէ 3 մեթր խորութեամբ, 5 մեթր լայնքով եւ 6 մեթր երկարութեամբ փոս մը փորուած է, վանքապատկան 23 խոշոր գերեզմանաթմբեր փորուած են: «Անյայտ է, թէ ինչո՛ւ տարած են վանական համալիրի գերեզմանաքարերը: Անոնք նիւթական արժէք չունին, սակայն հոգեւոր նշանակութիւնը շատ մեծ է: Բացի այդ, փորուած է համալիրի ամբողջ տարածքը ու թանկարժէք քարերը տարուած են», – ըսած է հայկական կազմակերպութեան նախագահը:
Ազիզ Տաղճըն յայտնած է նաեւ, որ Առաքելոց վանական համալիրի` աւերումէն պաշտպանութեան եւ վերականգնման խնդրանքով իրենք դիմած են ոչ միայն Մուշի նահանգապետարանին, այլեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւններուն: Տաղճըն կոչ ըրած է գանձեր որոնողներուն հանգիստ ձգել հայկական եկեղեցիներն ու գերեզմանոցները: