­«­­Հա­յաս­տան» հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ա­մե­նա­մեայ նիս­տի ծի­րէն ներս, ­Հիմ­նադ­րա­մի պատուիրա­կու­թիւ­նը` կազ­մո­ւած հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րէ, տե­ղա­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէ, բա­րե­րար­նե­րէ` գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա ­Վար­դա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ­Մա­յիս 20ին մեկ­նար­կած է իր վե­ցօ­րեայ հա­շո­ւե­տու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը՝ ար­ցա­խեան եւ հա­յաս­տա­նեան ծրա­գիր­ներ:

­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը Ար­ցախ ու­ղե­ւո­րո­ւած է ­Վար­դե­նիս-­­Մար­տա­կերտ ճա­նա­պար­հով, ո­րուն աս­ֆալ­տա­պա­տու­մը՝ կա­ռուց­ման երկ­րորդ փու­լով՝ կը շա­րու­նա­կո­ւի:

Մա­յիս 21ին, ­Հիմ­նադ­րա­մի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը մեկ­նած է Աս­կե­րա­նի շրջան, ուր հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ բա­ցո­ւած են ­Պա­տա­րա եւ ­Խանցք գիւ­ղե­րու նո­րա­կա­ռոյց հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն­նե­րը: ­Պա­տա­րա­յի հա­մայն­քա­յին կեդ­րո­նը կա­ռու­ցո­ւած է ­Հիմ­նադ­րա­մի Ֆ­րան­սա­յի տե­ղա­կան մար­մի­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ (Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մա­ֆի­նան­սա­ւո­րու­մով): Երկ-­յար­կա­նի շի­նու­թիւ­նը մէկ տա­նի­քի տակ կեդ­րո­նա­ցու­ցած է գիւ­ղի բժշկա­կան կեդ­րո­նը, գրա­դա­րա­նը, հա­մա­կարգ­չա­յին սե­նեա­կը, գիւ­ղա­պե­տա­րա­նը: ­Կից կա­ռու­ցո­ւած հան­դի­սու­թիւն­նե­րու սրահն ալ կը ծա­ռա­յէ հա­մայն­քի ձեռ­նարկ­նե­րուն: Ֆ­րան­սա­հայ հա­մայն­քի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ նե­կա­յիս Ար­ցա­խի մէջ կը կա­ռու­ցո­ւին շարք մը հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն­ներ եւ կրթօ­ճախ­ներ: ­Խանցք գիւ­ղի նո­րա­կա­ռոյց հա­մայն­քա­յին կեդ­րո­նը կեան­քի կո­չո­ւած է ­Հիմ­նադ­րա­մի ­Մոն­րէա­լի տե­ղա­կան մար­մի­նի եւ ԼՂՀ կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մա­ֆի­նան­սա­ւո­րու­մով: Երկ­յար­կա­նի կա­ռոյ­ցին մէջ կեդ­րո­նա­ցած են գիւ­ղա­պե­տա­րա­նը, գրա­դա­րա­նը, հա­մա­կարգ­չա­յին սե­նեա­կը, խա­ղաս­րա­հը: ­Կից կա­ռու­ցո­ւած է հան­դի­սու­թուն­նե­րու սրահ` նա­խա­տե­սուած 150 հո­գիի հա­մար: ­Ժա­մա­նա­կա­կից յար­մա­րու­թիւն­նե­րով հա­մալ­րո­ւած այս հա­մա­լիր կա­ռոյց­նե­րը ա­ռա­ւել յար­մա­րա­ւէտ կը դարձ­նեն հա­մայն­քի կեան­քը: ­Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դած է պա­տո­ւի­րա­կու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը Աս­կե­րա­նի շրջա­նի Ի­ւա­նեան գիւ­ղի ման­կա­պար­տէզ, ո­րուն կա­ռուց­ման հա­մար մի­ջոց­նե­րը հա­ւա­քագ­րո­ւած են ­Թո­րոն­թո­յի տե­ղա­կան մար­մի­նի ջան­քե­րով: Ծ­րա­գի­րը կը հա­մա­ֆի­նան­սա­ւո­րէ Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը: ­Շուրջ 420 քմ. ­տա­րածք զբաղեց­նող ման­կա­պար­տէ­զին մէջ խնամք եւ ու­սում կրնայ ստա­նալ մին­չեւ 70 փոք­րիկ: Ան­մի­ջա­պէս ման­կա­պար­տէ­զի մօտ ­Թո­րոն­թո­յի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու մի­ջոց­նե­րով կը կա­ռու­ցո­ւի նաեւ հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն: Ըն­դա­մէ­նը ա­միս­ներ ա­ռաջ՝ ­Հիմ­նադ­րա­մի ջան­քե­րով վե­րա­կա­ռու­ցո­ւած այս կրթօ­ճա­խը իր յար­կի տակ կը հիւ­րըն­կա­լէ ա­մե­նա­տար­բեր կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ: