Ազգային ժողովին մէջ, պատասխանելով «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեանի հարցումին, Հ.Հ. գլխաւոր դատախազ Գ. Կոնստանեան նշած է, որ մինչ այդ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային իրաւական հարթութեան վրայ քննարկման առարկայ չէ դարձած:
«Եւ հէնց այդ հարցն է, որ մեզ համար յատուկ կարեւորութիւն ունի, նկատի ունենալով, որ վիճարկւում է այն հանգամանքը, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը թէեւ ունի որոշակի միջազգային հանրային ճանաչում, չի կարող համադրուել Հոլոքոսթի հետ, քանի որ Հոլոքոսթը Նիւրէնպերկեան դատավարութեան արդիւնքում արդէն իրաւաբանօրէն ճանաչուած փաստ է: Սա նշանակում է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը Եւրոպական Դատարանում քննարկման առարկայ է դարձել բացասական իմաստով, ինչը անհրաժեշտութիւն առաջացրեց, որ մենք միջամտենք տուեալ գործի քննութեան»,- նշած է Կոստանեան՝ «Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ:
Ան յիշեցուցած է, որ «Փերինչէքը ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով դատավարութեան առաջին փուլին Հայաստան չէ մասնակցած: «Որովհետեւ այդ փուլում մենք դեռեւս չունէինք ձեւակերպումներն ու իրաւական գնահատականները եւ միայն նրանից յետոյ, երբ ունեցանք պալատի որոշումը, հասկացանք, որ մեր միջամտութիւնն այլընտրանք չունի: Այսինքն` մեր խնդիրն էր բացառել իրաւական որեւէ փաստաթղթի առկայութիւն, որտեղ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քննարկուած կը լինի բացասական իմաստով: Եւ դրա համար մենք գործադրել ենք բոլոր ջանքերը։ Յիշեցնեմ, որ մենք դիմել ենք միջազգային հեղինակաւոր իրաւապաշտպանների, ովքեր ներառուեցին Հայաստանի շահերի պաշտպանութեան հարցում»,- ըսած է Կոստանեան:
Ան յիշեցուցած է, որ իրենք Եւրոպական Դատարանին ներկայացուցած են այն փաստերը, որոնք համաձայնագիրի իմաստով հայերու ջարդերը կ՛որակէին որպէս ցեղասպանութիւն: «Այսինքն, մենք ներկայացրեցինք նաեւ իրաւական այն բոլորը, որոնք մեզ հիմք տուեցին պնդելու մեր դիրքորոշումը, որ մենք ունենք իրաւաբանօրէն Ցեղասպանութեան փաստ:
«Մեր խնդիրն այն էր, որպէսզի Եւրոպական Դատարանը, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ կազմակերպութիւնները, որոնք օժտուած չեն համապատասխան մանդատով՝ այս կամ այն կոտորածները ցեղասպանութիւն որակելու կամ չորակելու մանդատով, ձեռնպահ մնան նման յայտարարութիւններից: Եւ մենք իրաւական տեսանկիւնից ներկայացրել ենք, որ մենք 1915թ. Ցեղասպանութեան ենք ենթարկուել: Մենք առաջին անգամ ներկայացրեցինք իրաւական փաստեր»,- ըսած է Կոստանեան: