Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հա­ւա­նու­թիւն տուած է «­Մայք­րո­սոֆթ» ըն­կե­րու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գի­րի, ար­տօ­նա­գի­րի, պայ­մա­նա­գիր­նե­րու եւ կա­ռա­վա­րու­թեան անվտան­գու­թեան ծրա­գի­րի պայ­մա­նա­գի­րի կնքման ա­ռա­ջար­կու­թեան:

Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «Ար­ցախփ­րես»:

Ո­րոշ­ման հիմք հան­դի­սա­ցած է 2014ի Սեպ­տեմ­բեր 26ին Նիւ Եոր­քի մէջ կա­յա­ցած 7րդ­ ա­մե­նա­մեայ «Արմ­թէք 2014»ի՝ Հա­յաս­տա­նի բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեանց ո­լոր­տի մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վի ծի­րէն ներս Հ.Հ. տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ «­Մայք­րո­սոֆթ» ըն­կե­րու­թեան մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւած փո­խ-ըմբռնման յու­շա­գի­րը:

Այդ յու­շագ­րի հի­ման վրայ, Հ.Հ. վար­չա­պե­տի 2014ի Դեկ­տեմ­բեր 22ի ո­րոշ­մամբ՝ ձե­ւա­ւո­րո­ւած է աշ­խա­տան­քա­յին խումբ մը, որ քննար­կած է «­Մայք­րո­սոֆթ» ըն­կե­րու­թեան հետ հե­տա­գայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թիւն­ներն ու ծրա­գիր­նե­րը:

Խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցած փաս­տա­թուղ­թե­րու ծրա­րը կը նե­րա­ռէ հե­տե­ւեալ բա­ղադ­րիչ­նե­րը.-Հա­յաս­տա­նի մէջ «Ամ­պա­յին» եւ շար­ժա­կան (մո­պայլ) լու­ծում­նե­րու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին կեդ­րո­նի հիմ­նում` «­Մայք­րո­սոֆթ» նո­րա­րարու­թեան կեդ­րո­նի հէն­քով, կրթա­կան ո­լոր­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն, մտա­ւոր սե­փա­կա­նու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան ուղ­ղո­ւած հա­մա­տեղ ծրա­գիր­նե­րու եւ այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում:

Կ­’ակն­կա­լո­ւի, որ «­Մայք­րո­սոֆթ» ըն­կե­րու­թեան հետ ստո­րագ­րո­ւե­լիք փաս­տա­թուղ­թե­րուն հա­ւա­նու­թիւն տա­լու ո­րոշ­ման ըն­դու­նու­մը կը ստեղ­ծէ ըն­կե­րու­թեան հետ հե­տա­գայ ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նա­խադ­րեալ­ներ:

Խնդ­րոյ ա­ռար­կա­յի վե­րա­բե­րեալ ծա­ւա­լած քննարկ­ման ըն­թաց­քին ճշդո­ւած է Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան կա­րիք­նե­րուն հա­մար, հա­մա­կարգ­չա­յին ար­տօ­նագ­րո­ւած ծրագ­րա­յին ա­պա­հով­ման ծրար­ներ ձեռք բե­րե­լու դի­մաց, յա­ռա­ջի­կայ ե­րեք տա­րո­ւան յատ­կա­ցում­նե­րու չա­փը: