Մայիս 21-22ին, Լատվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ, տեղի ունեցած է Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան Գործընկերութիւն» ծրագրի անդամ երկիրներու վեհաժողովը:
Այդ ծրագիրը կը նախատեսէ քաղաքական ընկերակցութիւն եւ տնտեսական համարկում՝ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պելառուսի, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրաինայի միջեւ:
Վերջին երեք երկիրները այս տարուան ընթացքին Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրներ կնքեցին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ Ռիկա գացած էր մասնակցելու համար նշեալ վեհաժողովին, այդ առիթով հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետուհի Անկելա Մերքէլի հետ:
Հայաստանի նախագահը եւ Գերմանիոյ վարչապետուհին անդրադարձած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ զարգացման հեռանկարին: Այդ յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ՝ Հայաստանի նախագահը ընդգծած է Ե.Մ.ի մէջ Գերմանիոյ առանցքային դերը: Անդրադարձ եղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին, այդ կապակցութեամբ Հայաստանի եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու, ներառեալ՝ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած յիշատակի եւ ոգեկոչման ձեռնարկներուն:
Նախագահ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է Գերմանիոյ իշխանութիւններուն` Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման հարցին մէջ արտայայտած դիրքորոշման համար:
Հանդիպումին, զրուցակիցները մտքերու փոխանակում ունեցած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի կնճիռներուն եւ մարտահրաւէրներուն, նաեւ Մինսքի Խումբի շրջանակին մէջ Արցախեան Խնդրի խաղաղ ճամբով կարգաւորման բանակցային գործընթացին շուրջ: