«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը նոր մանկապարտէզ հիմնած է Արագածոտն մարզի Սասունիկ գիւղի պզտիկներուն համար՝ Հիմնադրամի Մեծ Բրիտանիոյ տեղական մարմինի եւ Սասունիկի գիւղապետա րանի նիւթական աջակցութեան շնորհիւ: Այս մասին կը հաղորդէ Հիմնադրամի տեղեկատուականը։ Յաջորդ քանի մը օրերուն ամբողջովին կահաւորուած մանկապարտէզի երկյարկ նոր շէնքը, իր մաքուր ու խնամուած բակով, պիտի դիմաւորէ գիւղի 100 պզտիկները: Համայնքի բնակիչները անհամբերութեամբ կը սպասէին մանկապարտէզի նոր շէնքի շինարարութեան աւարտին: Գիւղապետ Արման Մարգարեան ըսած է, որ 1998էն ի վեր 4000 բնակիչ ունեցող համայնքը մանկապարտէզի համար պիտանի շէնք մը չէ ունեցած: Ծաղկոցի տարիքի պզտիկները տարիներէ ի վեր կը յաճախէին գիւղի դպրոցին մէջ անոնց տրամադրուած պզտիկ դասարան մը, իսկ աւելի պզտիկները խնամելու եւ դաստիարակելու որեւէ կարելիութիւն չունէր գիւղը: Այս տարիներուն միայն փոքրաթիւ ընտանիքներ հնարաւորութիւնը ունեցած են իրենց պզտիկները մինչեւ Աշտարակ տանելու:
«Էլ ստիպուած չենք լինի երեխաներին տանել Աշտարակի մանկապարտէզ, ինչը դժուար է՝ թէ՛ նիւթական, թէ՛ ժամանակի առումով»,- Հիմնադրամի այցի ժամանակ իր ուրախութիւնը այսպէս այտայայտած է երիտասարդ մայրերէն մէկը: Մեծն Բրիտանիոյ հայ համայնքի անդամները իրենց սրտաբուխ նուիրատւութիւններով կը փորձեն քաջալերել եւ խթանել զարգացումը կրթական հաստատութիւններու, զանոնք ապահովելով մանկավարժական եւ կրթական արդիական բոլոր կարելիութիւններով, հաւատալով որ «մեր մանուկներու առողջ միտքն ու առողջ մարմինն է, որ պիտի ապահովէ մեր երկրի առաջընթացը»: Այսպէս պարզաբանած է Բրիտանիոյ հայերու համոզումը եւ խորունկ փափաքը Հիմնադրամի Մեծն Բրիտանիոյ տեղական մարմինի ատենապետ տիկին Արմինէ Կարապետ, որ հայրենիքի անխոնջ նուիրեալներէն մէկն է երկար տարիներէ ի վեր: