Աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ Ֆ­րան­սա գտնո­ւող Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, Մա­յիս 18ին, այ­ցե­լած է Ֆ­րան­սա­յի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան Տ­րո­մի շրջան, ուր Վա­լան­սի մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցած է Շր­ջա­նա­ յին Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն հետ` խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Փաթ­րիք Լա­պո­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ:

Քն­նար­կո­ւած են Տ­րո­մի շրջա­նի եւ Ար­ցա­խի մի­ջեւ կա­պե­րու խո­րաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր: Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր­ներ ստո­րագ­րո­ւած են Տ­րո­մի շրջա­նի եւ Ար­ցա­խի՝ Վա­լանս եւ Ս­տե­փա­նա­կերտ քա­ղաք­նե­րուն մի­ջեւ:

Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին շնոր­հո­ւած է Տ­րո­մի նա­հան­գի պա­տո­ւոյ քա­ղա­քա­ցիի կո­չում եւ յանձ­նո­ւած է հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յա­գիր:

Նա­խա­գահ Սա­հա­կեան կա­րե­ւոր նկա­տած է Տ­րո­մի շրջա­նի եւ ա­նոր կեդ­րո­նը հան­դի­սա­ցող Վա­լան­սի հետ Ար­ցա­խի փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը` նշե­լով, որ ա­տի­կա նոր ո­րակ կը հա­ղոր­դէ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ շօ­շա­փե­լի ազ­դե­ցու­թիւն կ­՛ու­նե­նայ ա­նոնց ամ­րապնդ­ման վրայ:

Հան­դիպ­ման մաս­նակ­ցած է նաեւ Ֆ­րան­սա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան Վի­գէն Չի­թե­չեան:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կազ­մած են ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Յա­րու­թիւն Քուշ­քեան, նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վա­րի տե­ղա­կալ Դա­ւիթ Բա­բա­յեան, Ֆ­րան­սա­յի մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան մնա­յուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Յով­հան­նէս Գէոր­գեան: