Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մնա­յուն յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Ար­տակ Զա­քա­րեան, եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ, հա­սաւ Գեր­մա­նիա:

Այ­ցե­լու­թեան ծի­րին մէջ նա­խա­տե­սո­ւած են Զա­քա­րեա­նի հան­դի­պում­նե­րը Գեր­մա­նիոյ ար­տա­քին գոր­ծե­րու պե­տա­կան քար­տու­ղար Մար­քուս Է­տե­րե­րի, խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Նոր­պերթ Ռէօթ­կե­նի, խորհր­դա­րա­նի մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու եւ մար­դա­սի­րա­կան հար­ցե­րով յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Մի­խա­յել Պ­րան­տի հետ: Այսոր նա­խա­տե­սո­ւած է նաեւ Ար­տակ Զա­քա­րեա­նի ե­լոյ­թը «­Քոն­րատ Ա­տե­նաո­ւեր» Հիմ­նադ­րա­մի կեդ­րո­նին մէջ: