14-15 Մայիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական Բարձրագոյն Կրթական Տարածքի (Ե.Բ.Կ.Տ.) նախարարական վեհաժողովը եւ Պոլոնիոյ (Իտալիա)հռչակագրի գործարկման 4րդ քաղաքական խորհրդաժողո վը:
Վեհաժողովին եւ խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան տարբեր երկիրներու մէջ կրթութեան մարզի պատասխանատուներ եւ պատուիրակութիւններ:
Խորհրդաժողովի ընթացքին կարեւոր որոշումներ առնուեցան։ Պելառուսը՝ Մայիս 14ին դարձաւ Եւրոպական Բարձրագոյն Կրթական Տարածքի անդամ։ Պոլոնիայի գործընթացի նպատակներէն է Եւրոպական Բարձրագոյն Կըրթական Տարածքի ստեղծումը, որ կոչուած է խթանելու Եւրոպական Բարձրագոյն Կրթական Համակարգի մրցունակութիւնը եւ գրաւչութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսանողներու աշխուժութիւնը եւ աշխատանքի հնարաւորութիւնը։
Պոլոնիայի գործընթացին մէջ ընդգրկուած են 47 եւրոպական երկիրներ, 10 խորհրդատու կազմակերպութիւն եւ այլ գործընկեր կազմակերպութիւններ։ Պոլոնիայի գործընթացի հիմնական բաղադրիչներն են՝ եռաստիճան կրթական համակարգ, որակաւորումներու շրջանակ, որակի ապահովում, փոխ-ճանաչում, համատեղ աստիճաններու հաւատագրման եւրոպական մօտեցում։
Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 14ին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, մասնակցած է Եւրոպական Բարձրագոյն Կրթութեան Տարածքի նախարարական գագաթնաժողովի եւ Պոլոնիայի քաղաքականութեան չորրորդ համաժողովի բացումին:
Հանրապետութեան նախագահ՝ Սերժ Սարգեսեան հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով։
Հ.Հ. կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան իր զեկոյցին մէջ նշեց.- Համալսարաններու դերը վերջին տասնամեակին թերագնահատուած է: Համալսարանները լուսաւորութեան կեդրոններ են: «Պէտք է փորձենք կրճատել դիւանակալական մօտեցումները, կեդրոնանանք փորձառութեան աշխուժացման վրայ: Պէտք է աւելի լաւ պայմաններ ստեղծենք երիտասարդ գիտնականներուն համար, կրթութիւնը աւելի ուսանողակեդրոն ու ճկուն դարձնենք»,- ընդգծած է Կ.Գ. նախարարը:
Անոր խօսքերով՝ «բարձրագոյն կրթութիւնը պէտք է ըլլայ բարձրորակ եւ մատչելի»:
Հայ-ռուսական համալսարան
Կառավարութիւնը 14 Մայիսին համաձայնութիւն տուած է Երեւանի մէջ հայ-ռուսական համալսարանի գործունէութեան պայմաններուն մասին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնագիրի կնքման առաջարկին:
«Համաձայնագիրի կնքումը պիտի նպաստէ գիտութեան, մշակոյթի եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ երկու կողմերու նպատակային ծրագիրներու իրականացման՝ անոնց մասնակցելու հաւասար հնարաւորութիւն ապահովելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի համալսարանական ուսումնառուներուն համար: Համաձայնագիրի ստորագրումը պէտք է նպաստէ մարդասիրական ոլորտին մէջ երկու երկիրներու կապերու սերտացմանը», կը տեղեկացնեն կառավարութեան աղբիւրները:
Համալսարանի շրջանաւարտները պիտի ստանան թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ռուսական պետական նմոյշի վկայական:
Գագաթնաժողովի աշխատանքներուն ծիրէն ներս, Հ.Հ. կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը տեսակցութիւններ ունեցաւ Հոլանտայի, Ֆրանսայի, Չեխիոյ, Շուէտի, Ռուսիոյ, Ղրղզիստանի եւ այլ երկիրներու նախարարներուն հետ, որոնց հետ զրուցեցին կրթական եւ գիտութեան ծիրէն ներս զանազան կարեւոր հարցերու շուրջ։
Նիստը վարեց Հ.Հ. կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան:
Ֆորումի եզրափակիչ նիստին միաձայնութեամբ հաստատուեցան Երեւանեան Հռչակագիրը եւ Պոլոնիոյ Հռչակագրի գործարկման 4րդ քաղաքական Ֆորումին Հռչակագիրը: Առաջին անգամ Ե.Բ.Կ.Տ. նախարարական Հռչակագիրով ամրագրուեցաւ բախման (կոնֆլիկտային) տարածքներու ուսանողներուն շարժունակութեան եւ կրթութեան իրաւունքի հարցը, որ շրջադարձային սկզբունք է համաեւրոպական կրթական քաղաքականութեան առումով:
Ա. Աշոտեան յայտարարեց, որ Երեւանեան գագաթնաժողովին Պոլոնիոյ Հռչակագրի քարտուղարութեան ղեկավարութիւնը փոխանցուած է Ֆրանսային: