Տն­տե­սա­կան Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ Զար­գաց­ման Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը (Տ.Հ.Զ.Կ.) հե­տա­զօ­տու­թիւն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է աշ­խար­հի 76 պե­տու­թիւն­նե­րու մէջ` գնա­հա­տե­լու հա­մար վեր­ջին­նե­րուս դպրո­ցա­կան կրթա­կան հա­մա­կար­գը:

Վար­կա­նի­շով, որ կազ­մո­ւած է այդ եր­կիր­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ու­սո­ղու­թեան եւ բնա­գի­տու­թեան քննու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ, Հա­յաս­տա­նը 50րդ տե­ղը կը զբա­ղեց­նէ: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Civilnetը:

Հե­տա­զօ­տու­թեան հա­մա­ձայն` աշ­խար­հի ա­մե­նաար­դիւ­նա­ւէտ կրթա­կան հա­մա­կար­գը Սին­կա­փու­րինն է: Լա­ւա­գոյն հնգեա­կին մէջ են նաեւ Հոն­քոն­կը (2), Հա­րա­ւա­յին Քո­րէան (3), Ճա­փո­նը (4) եւ Թա­յուա­նը (4). վեր­ջին եր­կու­քը կը կի­սեն չոր­րորդ տե­ղը: Հա­յաս­տա­նը իր ցու­ցա­նի­շով տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ կը զի­ջի միայն Թուր­քիոյ, որ 41րդ տեղն է։ Ի­րա­նը կը յա­ջոր­դէ Հա­յաս­տա­նին` 51րդն­ է, Վ­րաս­տա­նը 59րդն­ է, իսկ Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րա­բե­րեալ տո­ւեալ­ներ ցան­կին մէջ ընդ­հան­րա­պէս չկան: