Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեան, նա­խան­ցեալ օր, ըն­դու­նեց Հո­լան­տա­յի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բին պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը:

Սա­հա­կեան բարձր գնա­հա­տեց Հո­լան­տա­յի հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած դիր­քո­րո­շու­մը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պին նկատ­մամբ: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հո­լան­տա­յի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան` այս տա­րո­ւան 9 Ապ­րի­լին Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ կող­մէ սե­փա­կան պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նու­թեան գո­յաց­ման մա­սին ըն­դու­նո­ւած ո­րոշ­ման հա­մար, ո­րուն մի­ջո­ցով կոչ կ­՛ուղ­ղուի Թուր­քիոյ չխե­ղա­թիւ­րե­լու պատ­մու­թիւ­նը:

Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը հիւ­րե­րուն տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը պատ­րաս­տած է ընդ­դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րա­նա­կան յանձ­նա­խում­բեր ստեղ­ծե­լու ծրա­գիր, որ շու­տով պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի յա­ռա­ջա­դէմ պե­տու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րուն: Ծ­րա­գի­րով կը նա­խա­տե­սո­ւի, որ բո­լոր խորհր­դա­րան­նե­րը պէտք է ու­նե­նան նման յանձ­նա­խում­բեր, ո­րոնք հա­մա­կար­գո­ւած աշ­խա­տան­քով պի­տի պայ­քա­րին աշ­խար­հի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած կամ կա­տա­րո­ւող ցե­ղաս­պա­նու­թեանց դէմ: Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար Հե­րի վան Պո­մել նշեց, որ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րէն շա­տե­րը մաս­նակ­ցած են Հո­լան­տա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րուն: Նոյն օ­րե­րուն Հո­լան­տա­յի խորհր­դա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­րող բա­նա­վէ­ճեր եւ քննար­կում­ներ: Պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վա­րը նշեց, որ իբ­րեւ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խումբ, ի­րենք միշտ պի­տի ար­ծար­ծեն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րին վե­րա­բե­րող հար­ցե­րը: