2014-ին ­­Հա­յաս­տան այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու թի­ւը ա­ւել­ցած է 11,3 տո­կո­սով, որ կազ­մած է մէկ մի­լիոն 300 հա­զար: Այս մա­սին, ըստ «Ար­ցախփ­րես»-ի, ­­Մա­յիս 13-ին, ը­սած է ՀՀ տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան զբօ­սաշըր­ջու­թեան վար­չու­թեան պետ ­­Մե­խակ Ապ­րե­սեա­նը` նշե­լով, որ ան 120 հա­զա­րով ա­ւե­լի է, քան նա­խորդ տա­րո­ւան ցու­ցա­նի­շը:

«Ա­մէն տա­րի մենք ու­նե­նում ենք զբօ­սաշր­ջու­թեան աճ, նաեւ ներ­քին զբօ­սաշր­ջու­թեան ցու­ցա­նիշն է բարձ­րա­նում, ա­ւե­լի շատ, քան ներգ­նայ զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը: Այս­տեղ ի թիւս այլ գոր­ծօն­նե­րի, մեծ է նաեւ անց­կա­ցո­ւող տա­րա­տե­սակ փա­ռա­տօն­նե­րի դե­րը»,-ը­սած է ան: