Ե­թէ չըլ­լար ռու­սա­կան կող­մի ճնշում­նե­րը, ա­պա 1994-ի Մա­յի­սին ար­ցա­խեան ու­ժե­րը ըն­դա­մէ­նը օ­րե­րու ըն­թաց­քին կը գրա­ւէին շարք մը ատր­պէյ­ճա­նա­կան շրջան­ներ, եւ, հա­ւա­նա­կան է, դուրս գա­յին ընդ­հուպ մին­չեւ Կուր-ա­րաք­սեան մի­ջա­գետք: Ճիշտ է` այ­սօր ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­ րոզ­չու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ, թէ իբր Ատրպէյ­ճա­նը ո՛չ Ար­ցա­խի, ո՛չ նոյ­նիսկ Հա­յաս­տա­նի, այլ Ռու­սիոյ դէմ կը կռո­ւէր եւ հա­յե­րը ըն­դա­մէ­նը գոր­ծիք էին ռու­սե­րու ձեռ­քին ընդ­դէմ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու: Սա­կայն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ նոյն ռու­սե­րու յոր­դո­րով ու պա­հան­ջով հայ­կա­կան ու­ժե­րը դադ­րե­ցու­ցին ռազ­մա­կան ար­շա­ւը դէ­պի Ատր­պէյ­ճա­նի խոր­քեր, եւ Մոս­կո­ւա­յի պար­տադ­րան­քով էր, որ ան­ժամ­կէտ զի­նա­դա­դար կնքո­ւե­ցաւ 1994-ի Մա­յի­սին:

Ինչ­պէ՞ս այդ ա­մէ­նը ե­ղաւ:

Ռու­սաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Պա­ւել Գ­րա­չո­վը 1994-ի Փետ­րո­ւար 18-ին Մոս­կո­ւա հրա­ւի­րեց իր հայ եւ ատր­պէյ­ճան­ցի գոր­ծըն­կեր­ներ Սերժ Սարգ­սեանն ու Մա­մետ­ռա­ֆի Մա­մե­տո­վը: Ս­տո­րագ­րո­ւե­ցաւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն, ո­րով Մարտ 1-էն կը նա­խա­տե­սո­ւէր կրա­կի դադ­րե­ցում: Այդ ար­ձա­նագ­րու­թեան հիմ­քով հնա­րա­ւոր ե­ղաւ հաս­նիլ մա­յի­սեան հրա­դա­դա­րին: Ապ­րիլ 15-ին Մոս­կո­ւա­յի մէջ կա­յա­ցած ԱՊՀ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին, ո­րուն ներ­կայ էին նա­խա­գահ­ներ Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանն ու Հէյ­տար Ա­լիե­ւը, կ­՛ըն­դու­նո­ւի կրա­կը դադ­րեց­նե­լու յայ­տա­րա­րու­թիւն:

Մա­յիս 4-5-ը Խրխ­զիս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Պիշ­քե­կի մէջ հա­ւա­քո­ւե­ցան Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի խորհր­դա­րան­նե­րու ա­ռա­ջին դէմ­քե­րը, բա­ցի Ռա­սուլ Կու­լիե­ւէն: Նա­խա­գահ Ա­լիե­ւը մեկ­նած էր Պ­րիւք­սէլ, իսկ Կու­լիե­ւը մնա­ցած էր Պա­քու` տնօ­րի­նե­լու երկ­րի գոր­ծե­րը մին­չեւ Ա­լիե­ւի վե­րա­դար­ձը: Այդ պատ­ճա­ռով Պիշ­քեկ մեկ­նած է Ատր­պէ­ճա­նի խորհր­դա­րա­նի փոխ­նա­խա­գահ Ա­ֆի­յատ­տին Ճա­լի­լո­վը: Պիշ­քե­կի մէջ` ռու­սե­րու, ա­ռա­ջին հեր­թին ռուս միջ­նորդ Վ­լա­տի­միր Կա­զի­մի­րո­վի դի­ւա­նա­գի­տա­կան մեծ աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ, կող­մե­րը ստո­րագ­րե­ցին ար­ձա­նագ­րու­թիւն, ո­րուն էու­թիւ­նը ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու դադ­րեց­ման կոչն էր Մա­յիս 9-ի գի­շե­րո­ւը­նէ: Յա­տուկ ընտ­րո­ւած էր Մա­յիս 9-ի գի­շե­րը, քա­նի որ Խորհր­դա­յին Միու­թեան բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ ա­տի­կա Յաղ­թա­նա­կի օրն էր Երկ­րորդ աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին:

Ար­ձա­նագ­րու­թեան տակ ստո­րագ­րե­ցին Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցա­խը, Ռու­սիան, Խրխ­զիս­տա­նը (որ­պէս հիւ­րըն­կալ կողմ) եւ ԱՊՀ-ի ու Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: Ատր­պէյ­ճա­նի խորհր­դա­րա­նի փոխ­նա­խա­գա­հը մեր­ժեց` պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, որ չի կրնար ստո­րագ­րել, ո­րով­հե­տեւ փաս­տա­թուղ­թին տակ չկայ «­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­մայն­քի ղե­կա­վար Նի­զա­մի Պահ­մա­նո­վի ա­նու­նը»: Կա­զի­մի­րո­վը կը զան­գա­հա­րէ Պա­քու` Կու­լիե­ւին, փոր­ձե­լով հա­մո­զել, որ ան իր տե­ղա­կալ Ճա­լի­լո­վին լիա­զօ­րէ ստո­րագ­րե­լու: Քա­նի որ Կու­լի­չը կը մեր­ժէ, Կա­զի­մի­րո­վը Պիշ­քե­կէն կը շտա­պէ Պա­քու:

Ա­լիե­ւը Պ­րիւք­սէ­լէն ար­դէն վե­րա­դար­ձած էր Պա­քու, եւ ան, Կա­զի­մի­րո­վի ներ­կա­յու­թեամբ, Կու­լիե­ւը կը լիա­զօ­րէ ստո­րագ­րե­լու Պիշ­քե­կեան ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը: Մա­յիս 9-ին Կա­զի­մի­րո­վը Պա­քո­ւի` հիւ­րա­նո­ցի իր սե­նեա­կին մէջ, կը շա­րադ­րէր մէկ այլ` կրա­կի դադ­րեց­ման փաս­տա­թուղթ, ո­րուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­ձայ­նեց­նէ Ե­րե­ւա­նի եւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի հետ: Նոյն օ­րը Ա­լիե­ւի ա­ռանձ­նա­սե­նեա­կին մէջ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Մա­մե­տո­վը իր ստո­րագ­րու­թիւ­նը կը դնէ այդ փաս­տա­թուղ­թին տակ: Յա­ջորդ օ­րը Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սերժ Սարգ­սեան, իսկ Մա­յիս 11-ին Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար Սա­մո­ւէլ Բա­բա­յեան, ար­ձա­գան­գե­լով Պիշ­քե­կեան ար­ձա­նագ­րու­թեան կո­չին եւ ի կա­տա­րումն 1994-ի Փետ­րո­ւար 18-ի ար­ձա­նագ­րու­թեան դրոյթ­նե­րուն, նա­մակ կը յղեն Ռու­սիոյ պաշտ­պա­նու­թեան եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ` Կա­զի­մի­րո­վին` յայտ­նե­լով 1994-ի Մա­յիս 10-ի լոյս 11-ի գի­շե­րը հա­կա­մար­տող կող­մե­րու` կրա­կը դադ­րեց­նե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը:

Այս­պի­սով, Մա­յիս 12-էն զի­նա­դա­դար կը հաս­տա­տո­ւի:

Մա­յիս 12-ին հրա­դա­դա­րը ու­ժի մէջ կը մտնէ: Մա­յիս 16-17-ին Մոս­կո­ւա­յի մէջ տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ Սարգ­սեա­նի, Մա­մե­տո­վի եւ Բա­բա­յեա­նի հան­դի­պու­մը, ո­րուն ըն­թաց­քին կը քննար­կո­ւի «1994-ի Փետ­րո­ւար 18-ի ար­ձա­նագ­րու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման կար­գի ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը» փաս­տա­թուղ­թը, ո­րով կը նա­խա­տե­սո­ւէր ղա­րա­բա­ղեան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քե­րու տա­րան­ջա­տում, կող­մե­րու մի­ջեւ պու­ֆե­րա­յին գօ­տիի ստեղ­ծում, խա­ղա­ղա­րար ու­ժե­րու տե­ղա­կա­յում: Փաս­տա­թուղ­թը կը ստո­րագ­րեն Գ­րա­չո­վը, Սարգ­սեա­նը եւ Բա­բա­յեա­նը: Մա­մե­տո­վը փաս­տա­թուղ­թը չի ստո­րագ­րեր. Ա­նոր շտապ կը կան­չեն Պա­քու: Ատր­պէյ­ճա­նը կը հրա­ժա­րի ստո­րագ­րել մոս­կո­վեան հա­մա­ձայ­նագ­րի ամ­փո­փիչ ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը, սա­կայն հրա­դա­դա­րը կը դառ­նայ ի­րա­կա­նու­թիւն: Ա­հա այս­պէս հաս­տա­տո­ւած զի­նա­դա­դա­րը, որ, թէեւ խախ­տում­նե­րով ու մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րով, կը պահ­պա­նո­ւի ար­դէն 21 տա­րիխ