8-9 Մա­յիս 2015-ին Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն ե­րի­տա­սար­դա­կան, քա­ղա­քա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան` Ըն­կեր­վա­րա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը ըն­դու­նեց բա­նա­ձեւ «­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով»:

ՀՅԴ Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած բա­նա­ձե­ւի քննար­կու­մը ան­ցաւ աշ­խուժ մթնո­լոր­տի մէջ: Բա­նա­ձե­ւի ըն­թեր­ցու­մէն ետք, ձայ­նի ի­րա­ւունք խնդրե­ցին Իս­րա­յէ­լի, Պուլ­կա­րիոյ, Չա­տի, Ու­կան­տա­յի եւ Գեր­մա­նիոյ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: Հա­կա­ռակ կազ­մա­կեր­պու­թեան ժո­ղո­վա­վա­րա­կան կա­նոն­նե­րուն, ըստ ո­րոնց, ա­մէն մէկ բա­նա­ձեւ ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք միայն մէկ կողմ կամ դէմ ե­լոյ­թի ի­րա­ւունք կը տրուի` Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին բա­նա­ձե­ւը ներ­կա­յացնե­լէ ետք հինգ հո­գիի ե­լոյ­թի ի­րա­ւունք տրո­ւե­ցաւ` ա­մէն ան­գամ ա­ռան­ձին քո­ւէար­կու­թեամբ հաս­տա­տե­լով ե­լոյ­թի ի­րա­ւուն­քը, ո­րով­հե­տեւ այդ մէ­կը կը հա­կա­սէ ժո­ղո­վի կա­նոն­նե­րուն:

Իս­րա­յէ­լի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը խօ­սե­ցաւ հրեա­նե­րու  ու հա­յե­րու պատ­մա­կան նոյն ճա­կա­տա­գի­րը կի­սե­լու փաս­տին մա­սին: Ան կար­ծիք յայտ­նեց, որ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճառ­նե­րէն մէ­կը հա­յե­րու` ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւն չու­նե­նա­լը ե­ղած է: Հ­րեայ պա­տո­ւի­րա­կը իր կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­նու­նով յայտ­նեց, որ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը տեղ պի­տի գտնէ Ք­նե­սե­թի օ­րա­կար­գին վրայ: Ըստ ա­նոր, Իս­րա­յէ­լը պէտք է ճանչ­նայ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

Պուլ­կա­րիոյ Ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյ­ցի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ հա­տուց­ման պա­հան­ջին: Ըստ ա­նոր, Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը պատ­մու­թեան չի պատ­կա­նիր: Թուր­քիոյ յա­ջոր­դա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գի ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը զայն դար­ձու­ցած է այժ­մէա­կան խնդիր:

Հե­ռա­ւոր Չա­տէն Ե­րե­ւան հա­սած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը խօ­սե­լով ժո­ղո­վին ներ­կայ ափ­րի­կեան պե­տու­թիւն­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րուն ա­նու­նով, կոչ ուղ­ղեց Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ճանչ­նա­լու Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նեց ՀՅԴ Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նին` մաղ­թե­լով ուժ եւ կամք, ար­դա­րու­թեան հա­մար մղո­ւող պայ­քա­րին մէջ:

Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ճա­նաչ­ման եւ հա­տուց­ման կոչ ուղ­ղե­լով` Ա­րեւմ­տեան Սա­հա­րա­յի ըն­կեր­վար ե­րի­տա­սար­դը ընդգ­ծեց, որ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը զու­գոր­դո­ւած է հա­յե­րու հայ­րե­նազր­կու­մով` ի­րենց պա­պե­նա­կան հո­ղե­րէն եւ դժբախ­տա­բար նոյ­նը տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ այ­սօր` աշ­խար­հի տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն նկատ­մամբ:

Ու­կան­տա­ցի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, որ նաեւ Ըն­կեր­վա­րա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միու­թեան փոխ­նա­խա­գահն է, իր խօս­քին մէջ  շեշ­տեց 1915-ին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նկատ­մամբ Ա­րեւ­մուտ­քի լռու­թեան վրայ. կոչ ուղ­ղեց միաս­նա­բար պայ­քա­րե­լու, որ մարդ­կու­թեան հան­դէպ նման յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ այ­լեւս տե­ղի չու­նե­նան:

Յատ­կա­պէս ու­շագ­րաւ էր Գեր­մա­նիոյ Ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին ե­լոյ­թը: Ըստ ա­նոր, Գեր­մա­նիան ոչ միայն պէտք է ըն­դու­նի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, որ ար­դէն իսկ ըն­դու­նած է, այլ նաեւ Թուր­քիոյ հետ միա­սին կրէ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան իր բա­ժի­նը:

Այ­նու­հե­տեւ պա­տո­ւի­րակ­նե­րը միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նե­ցին ՀՅԴ Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նին կողմԷ ներ­կա­յա­ցո­ւած բա­նա­ձե­ւը: Բա­նա­ձե­ւը իր տե­սա­կին մէջ ե­զա­կի է այն ա­ռու­մով, որ մի­ջազ­գա­յին ե­րի­տա­սար­դա­կան-քա­ղա­քա­կան մա­կար­դա­կի վրայ նման կշիռ եւ ընդգր­կում ու­նե­ցող կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման զու­գա­հեռ, թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թե­նէն կը պա­հան­ջէ ան­յա­պաղ ձեռ­նար­կել մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու` ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րու հա­տուց­ման հա­մար:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ