Մա­յի­սեան ե­ռա­տօ­նին ա­ռի­թով Շա­բաթ, 9 Մա­յի­սին, ՀՅԴ Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ Մար­գա­րեան Ար­ցախ հա­սաւ եւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի յու­շա­հա­մա­լի­րին մէջ յար­գան­քի իր տուր­քը մա­տու­ցեց զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­ րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ:

«Ա­պա­ռաժ»-ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին Հ­րանդ Մար­գա­րեան նշեց. «­Մենք յաղ­թած ենք Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մին, եւ մեր յաղ­թա­նա­կը պէտք է կա­րե­նանք մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ամ­րագրել: Կա­րե­ւոր է, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը միաս­նա­կա­նօ­րէն ա­մէն տեղ ոտ­քի կանգ­նի, որ­պէս­զի կա­րե­նանք ճնշման նոր ա­լիք բարձ­րաց­նել: Այս մէ­կը մեր ար­դար պա­հանջն է, եւ պէտք է պար­տադ­րենք մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան եւ նախ եւ ա­ռաջ Ատր­պէյ­ճա­նին` ճանչ­նա­լու մեր յաղ­թա­նա­կը:

«Այս հար­ցին մէջ ես ո՛չ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, ո՛չ Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, ո՛չ սփիւռ­քին, ո՛չ ալ ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան ու­ժի յա­տուկ դեր կը վե­րա­պա­հեմ. այս մէ­կը այն օ­րա­կարգն է, ուր մենք պէտք է մէկ ձայ­նով խօ­սինք, միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը այս հար­ցին մէջ շատ կա­րե­ւոր է: Կա­տարո­ւե­լիք աշ­խա­տան­քը բո­լո­րիս է»: