Մայիս 6ի յետմիջօրէին, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը հանդիպեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեան: Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Օշա կան եւ Յովսէփ Աւագեան, իրենց կողքին ունենալով Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արամ Համբարեանը, գրեթէ մէկ ժամ խորհրդակցեցան նախագահին հետ:Նախագահ Սարգսեանի կողքին իր իջեւանած պանդոկին մէջ կատարուած այս հանդիպման մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Ուաշինկթընի մօտ Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ անձնակազմի անդամ Վիգէն Սարգսեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր, որոնց կարգին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին համաձայնագիրը, սուրիահայութեան իրավիճակն ու Արցախի հիմնահարցը:
Այցելութեան երկրորդ օրը, նախագահ Սարգսեան այցելեց Ուաշինկթընի մէջ Ողջակիզումի թանգարանը, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանը, ուր ծանօթացաւ գրադարանի հայկական ցուցանմոյշներուն:
Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են նաեւ այլ հանդիպումներ՝ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: