Մայիս 7ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ Ուաշինկթըն գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Միացեալ Նահանգներու առեւ տուրի ներկայացուցիչի տեղակալ Տեն Մուլանի, Հայաստանի նախագահին ներկայութեան, ստորագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ Առեւտուրի եւ Ներդրումներու Շրջանային Համաձայնագիրին նախագիծը:
Ըստ փաստաթուղթին՝ կողմերը աշխատանք պիտի տանին ստեղծելու բարենպաստ պայմաններ, ներդրումներու եւ երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ու առեւտուրի խրախուսման համար:
Կը նախատեսուի ձեւաւորել առեւտուրի եւ ներդրումներու հայ-ամերիկեան խորհուրդ, որ հանդիպումներ պիտի իրականացնէ առնուազն տարին մէկ անգամ: Խորհուրդին նպատակն է բացայայտել երկկողմանի ներդրումներու եւ առեւտուրի նոր ոլորտներ, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանիլ զանոնք զարգացնելու: Յայտնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայաստանի Ամերիկեան Առեւտուրի գրասենեակը եւ Հայաստան հաստատուած ընկերութիւններ տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տանին այս համաձայնագրին կնքումը ապահովելու համար: