­«­Հայ­փոստ» ՓԲԸ-ն, Մա­յիս 6-ին, Ո­ւա­շինկ­թը­նի, ԱՄՆ Քոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նին մէջ մա­րած է «­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեայ տա­րե­լից. Հեն­րի Մոր­կեն­թաու» նիւթով մէկ նա­մա­կա­նիշ եւ «­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լից. «­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ա­մե­րի­կեան նպաս­տա­մա­տոյց կո­մի­տէ» նիւթով գե­ղա­թեր­թիկ` մէկ նա­մա­կա­նի­շով: Հայ­փոստ ՓԲԸ-ի փո­խանց­մամբ` նա­մա­կա­նիշ­նե­րու մա­րու­մը ի­րա­կա­նա­ցու­ ցած են ՀՀ նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեա­նը, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Տիգ­րան Սարգը­սեա­նը եւ «­Հայ­փոստ» ՓԲԸ ա­ռեւ­տու­րի զար­գաց­ման տնօ­րէն Նա­րի­նէ Սե­ֆե­րեա­նը: Մա­րու­մը ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­մե­նայն Հա­յոց կա­թո­ղի­կոս Գա­րե­գին Բ.-ի ներ­կա­յու­թեամբ: Նա­մա­կա­նի­շի վրայ պատ­կե­րո­ւած է «Չձգենք, որ կոր­ծա­նո­ւին»` Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ա­մե­րի­կեան նպաս­տա­մա­տոյց կո­մի­տէի հան­գա­նա­կու­թեան պաս­տա­ռը` Ա­մե­րի­կա­յին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նող որ­բե­րու խո­րա­պատ­կե­րին:Հեն­րի Մոր­գենթաուն 1913–16 թո­ւականներուն ԱՄՆ-ի դես­պանն էր Թուր­քիոյ մէջ, Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը սկսուե­լէն ետք օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած է նաեւ մեծ Բ­րի­տա­նիոյ, Ֆ­րան­սա­յի, ­Ռու­սիոյ, Ի­տա­լիոյ, Պել­ճի­քա­յին շա­հե­րը: Մոր­գեն­թաուի յօ­դո­ւած­նե­րը եւ գիր­քե­րը վա­ւե­րա­կան կա­յու­թիւն­ներ են Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին:

Ան մեր­ժած է ռազ­մա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեամբ հա­յե­րու տե­ղա­հա­նու­թեան թրքա­կան վար­կա­ծը եւ ա­պա­ցու­ցած, որ ե­րիտթր­քա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րու նպա­տա­կը հայ ազ­գի իս­պառ ոչն­չա­ցումն էր: 

Հեն­րի Մոր­կեն­թաուի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կը ստեղ­ծո­ւի Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ա­մե­րի­կեան օգ­նու­թեան կո­մի­տէն` Ա­մեր­կո­մը ( American Committee for Relief in the Near East, ACRNE), որ հիմ­նադ­րուած է 1915-ին, Մեր­ձա­ւոր ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րու` պա­տե­րազմէն տու­ժած եւ կա­րի­քա­ւոր բնակ­չու­թեան (հա­յեր, յոյ­ներ, ա­սո­րիներ եւ այլն) պա­րէ­նով, հա­գուս­տով եւ դե­ղո­րայ­քով  օգ­նե­լու նպա­տա­կով:

Ար­ձա­գան­գե­լով դես­պան Մոր­կեն­թաո­ւի կո­չին, որ անհ­րա­ժեշտ է Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի կա­րի­քա­ւոր բնակ­չու­թեան ան­յա­պաղ օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րել, կը ստեղ­ծո­ւի յա­տուկ կո­մի­տէ մը, որ կը ստա­նայ ԱՄՆ պաշ­տօ­նեա­նե­րու, նե­րառեալ նա­խա­գահ Ուտ­րօ Ոիլ­սը­նի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը: Կո­մի­տէն կրցաւ Պո­լի­սի մէջ գտնուող ԱՄՆ դես­պա­նա­տան մի­ջո­ցով գու­մար եւ հա­գուստ տրա­մադ­րել կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնց օգ­նու­թիւ­նը կը բաշ­խո­ւէր շրջան­նե­րու մէջ գտնո­ւող հիւ­պա­տոս­նե­րուն եւ մի­սիո­ներ­նե­րուն մի­ջո­ցով: Մօ­տա­ւոր հա­շուար­կով տրա­մադ­րո­ւած է  117 մի­լիոն տո­լա­րի օգ­նու­թիւն: Ն­պաս­տա­մա­տոյց կո­մի­տէի գոր­ծու­նէու­թեան շնոր­հիւ փրկո­ւած են տա­րա­ծաշր­ջա­նով սփռո­ւած 132 000 հայ որ­բեր: