Հա­մա­ցան­ցի վրայ սկսած է գոր­ծել «­Հիմ­նա­րար Հա­յա­գի­տու­թիւն» ե­լեկտ­րո­նա­յին հան­դէ­սը` www.fundamentalarmenology.am:

Հան­դէ­սին յօ­դո­ւած­նե­րը եւ նիւ­թե­րը նո­ւի­րո­ւած են հա­յոց պատ­մու­թեան եւ բա­նա­սի­րու­թեան, հնա­գի­տու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան, ժո­ղովր­դագ­ րու­թեան եւ տնտե­սա­գի­տու­թեան, փի­լի­սո­փա­յու­թեան եւ ի­րա­ւա­գի­տու­թեան, քա­ղա­քա­գի­տու­թեան եւ կա­ռա­վար­ման, ա­րո­ւես­տի եւ ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան հա­մար հիմ­նա­րար նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող հար­ցե­րու վեր­հան­ման, պար­զա­բան­ման եւ ու­սում­նա­սիր­ման:

Հան­դէ­սը անգ­լե­րէն է:

Այս մա­սին կը յայտ­նեն Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. Տե­ղե­կա­տո­ւա­կան-­Վեր­լու­ծա­կան Կեդ­րո­նէն:

Հան­դէ­սին ա­ռա­ջին հա­մա­րը նո­ւի­րո­ւած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին:

Հան­դէ­սին մէջ տե­ղադ­րո­ւած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ մեծ թի­ւով յօ­դո­ւած­ներ, նիւ­թեր եւ փաս­տա­թուղ­թեր, ուր բազ­մա­կողմ անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րո­ւի հիմ­նա­րար խնդիր­նե­րուն:

Այս­տեղ տեղ գտած է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եզ­րոյ­թը գոր­ծա­ծու­թեան մէջ դնող եւ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը կան­խե­լու եւ ա­նոր հա­մար պատ­ժի մա­սին պայ­մա­նագ­րի ըն­դուն­ման գոր­ծին մէջ ա­նու­րա­նա­լի դեր ու­նե­ցած Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քի­նի հար­ցազ­րոյ­ցին տե­սագ­րու­թիւ­նը, ուր ան կը նշէ, որ եզ­րոյ­թը ստեղ­ծե­լու հա­մար հիմք ըն­դու­նած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

Հան­դէ­սին խմբագ­րա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ են Հա­յաս­տա­նի եւ ար­տերկ­րի մէջ յայտ­նի գիտ­նա­կան­ներ` պատ­մա­գի­տու­թեան դոկ­տոր Է­դո­ւարդ Դա­նիէ­լեան (գլխա­ւոր խմբա­գիր), Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. թղթա­կից ան­դամ Ա­րա­րատ Ա­ղա­սեան, ա­կա­դե­մի­կոս Գէորգ Բ­րու­տեան, պ.գ.թ. Ռո­պերթ Ղա­զա­րեան (պա­տաս­խա­նա­տու քար­տու­ղար), բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան, փրո­ֆէ­սոր Ճոն Մեյ­սըն, ա­կա­դե­մի­կոս­ներ Ա­շոտ Մել­քո­նեան, Ռու­բէն Սաֆ­րաս­տեան, Եու­րի Սու­վա­րեան:

Հան­դէ­սին աշ­խա­տանք­նե­րը հո­վա­նա­ւո­րո­ւած են Հա­յա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ֆի­նան­սա­ւո­րող Հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մի կող­մէ, ո­րուն հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րէն է հա­յա­գի­տու­թեան զար­գաց­ման խթա­նու­մը, որ կը հա­մա­րո­ւի ՀՀ. պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գե­րա­կայ ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը: