«Խորհրդարանական ընտրութիւնները վերահաստատեցին այն փաստը, որ իւրաքանչիւր ժողովրդավարական համակարգի գործունէութեան պարտադիր տարր հանդիսացող ընտրութիւնները դարձած են Արցախի քաղաքական մշակոյթի բաղկացուցիչ մաս: Ազատ, արդար, թափանցիկ եւ մրցակցային ընտրութիւնները, ըլլալով ԼՂՀ քաղաքական գործընթացներու անբաժան մեքենականութիւն, ուղղուած են հանրապետութեան հասարակական կեանքի կազմակերպման ու ժողովրդավարական եղանակով իշխանութեան մարմիններու ձեւաւորման, որոնք իրենց հերթին մարդու իրաւունքներու, հիմնարար ազատութիւններու եւ օրէնքի գերակայութեան առաջմղման հիմքն են: Ընտրութիւնները, իբրեւ կամարտայայտութիւն Արցախի ժողովուրդի կողմէ, որուն դերը սեփական ապագան որոշելու հարցով միանշանակ ընդգծուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու 2015 թ. Ապրիլ 30-ի յայտարարութեան մէջ, նաեւ կարեւոր ներդրում են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանման եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան արդարացի ու խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ»,- ըսուած է ԼՂՀ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ: