Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն օ­րը Ատր­պէյ­ճան փոր­ձած է ըն­թաց­քը խան­գա­րել, սա­կայն չէ յա­ջո­ղած։
«Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին յա­ջո­ղո­ւել է կան­խել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի

ընտ­րու­թիւն­նե­րը խան­գա­րե­լու՝ ադր­բե­ջա­նա­կան կող­մի փոր­ձը», 4 ­Մա­յի­սին լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին յայտ­նած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար ­Մով­սէս ­Յա­կո­բեան: «­Սահ­մա­նին այ­սօրո­ւայ դրու­թեամբ վի­ճակն ա­ւե­լի խա­ղաղ է: ­Մենք ու­նէինք տե­ղե­կու­թիւն, որ հա­կա­ռա­կոր­դը փոր­ձե­լու է խան­գա­րել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րը: ­Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը հա­մա­պա­տաս­խան մի­ջո­ցա­ռում­ներ է ձեռ­նար­կել, որ­պէս­զի կան­խի այդ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը եւ, բա­րե­բախ­տա­բար, դա մեզ յա­ջո­ղո­ւել է», յայտ­նած է ­Մով­սէս ­Յա­կո­բեան: Ինչ­պէս պի­տի բաժ­նո­ւին ԼՂՀ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի ա­թոռ­նե­րը Ար­ցա­խի 6-րդ ­գու­մար­ման Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի 33 տե­ղե­րը պի­տի բաշ­խո­ւին հե­տե­ւեալ հա­մա­մաս­նու­թեամբ՝ «Ա­զատ հայ­րե­նիք» կու­սակ­ցու­թիւ­նը կ­’ու­նե­նայ 15, «­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը»՝ 7, «Ար­ցա­խի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը»՝ 6, «­Շար­ժում-88» կու­սակ­ցու­թիւ­նը՝ 2, «Ազ­գա­յին վե­րած­նունդ» կու­սակ­ցու­թիւ­նը՝ 1։ ­Մէկ ման­տատ եւս պետք է տրուի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն մէ­կին՝ կոր­սո­ւած ձայ­նե­րու վե­րա­բաշխ­ման շնոր­հիւ: