Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան դարձեալ «Եուրոնիուզ» պատկերասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնահարցին շուրջ հայկական կողմին դիրքորոշումը:
Խօսելով Քազանի հանդիպման մասին‘ նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ լաւատեսութիւնը լաւ որակ է, սակայն ինք կը նախընտրէ կառուցողական ըլլալ եւ պէտք է ըսել,

որ իր ակնկալիքները այնքան մեծ չեն: «Դուք խօսեցաք զիջումներուն մասին, բայց ես միանշանակ դէմ եմ միակողմանի զիջումներուն: Մեզի կը հետաքրքրեն փոխադարձ զիջումները: Իսկ մեր իրավիճակին առանձնայատկութիւնը այն է, որ մենք պէտք է զիջումներ կատարենք պետութեան մը, ժողովուրդի մը, որ միայն ու միայն կը սպասէ յարմար առիթի մը, որ մեր վրայ կրակ բանայ», ընդգծեց նախագահ Սար- գըսեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ Հայաստանի համար Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի դրոյթը անկիւնաքարերէն մէկն է, իսկ Ազրպէյճան այդ գաղափարը, չ՛ընդունիր, արդեօք ատիկա կը նշանակէ՞, որ Քազանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումէն յառաջընթաց, համաձայնութիւն ակնկալելը չ՛արժեր, Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ այս պարագային Ազրպէյճան պէտք է ուղղակի յայտարարէ, որ դէմ է Մատրիտեան համաձայնագիրի դրոյթներէն երկուքին կամ առնուազն մէկուն: Կամ ալ միջազգային հանրութիւնը պէտք է յայտարարէ, որ չի ճանչնար ինքնորոշման իրաւունքը: Ըստ անոր, այդ պարագային վերջին տասնամեակներու բոլոր ջանքերը յօդս պիտի ցնդին: Ան աւելցուց, որ եթէ ինքնորոշման իրաւունքը չի ճանչցուիր, ապա ինչպէ՞ս պէտք բացատրել տասնեակ պետութիւններու առաջ գալը, անոնց ինքնորոշումը: Ինչպէ՞ս բացատրել բառացիօրէն վերջերս Քոսովոյի անկախութեան ճանաչումը:
«Ես կը ցանկամ նշել, որ Ատրպէյճանի մէջ գերազանցապէս հայերով բնակեցուած այլ շրջան մը կար‘ Նախիջեւանը, սակայն խորհրդային շրջանին եւ անկէ անմիջապէս ետք այդ ինքնավարութիւնը հայաթափուեցաւ եւ այսօր այնտեղ գործնականին մէջ ոչ մէկ հայ մը կայ», ընդգծեց Հայաստանի նախագահը: