Իր աւարտին հասաւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Զոի Գոնսթանտոփուլուի այցելութիւնը Հայաստան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը նշող ձեռնարկներու մասնակցութեան ծիրէն ներս: Շաբաթ 25 Ապրիլին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի գրասենեակէն ներս  հիւրընկալուեցաւ   Զոի Գոնստանտոփուլուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման մասնակցեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը,  Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնոյ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը եւ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանը:  
Հրանդ Մարգարեան բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդի համար այս կարեւորագոյն օրերուն ընթացքին յոյն ժողովուրդի՝ յանձինս խորհրադարանի նախագահի, մասնակցութիւնը 100ամեակի միջոցառումներուն, հայ ժողովուրդի կողքին:
Ներկայացուեցան  Հ.Յ.Դ.  պատմութիւնը եւ անցած ճանապարհը, այժմու  քաղաքական օրակարգերը, դիրքորոշումները ներքին եւ արտաքին կարեւորագոյն հարցերու՝ որոնց կարգին Հայաստան-Եւրոպա յարաբերութիւններու, Ղարաբաղեան հիմնախնդրի, հայ-թրքական յարաբերութիւններու, Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու եւ մասնաւորապէս՝ հայերուն սպառնացող վտանգի շուրջ:  
Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը իր կարգին ընդգծեց, որ  հայ եւ յոյն ժողովուրդները  դարաւոր բարեկամներ են եւ ունին  նոյնական ճակատագրեր, ուստի եւ բնական է, որ ինք այս օրերուն Երեւան կը գտնուի: Զոի Գոնստանտոպուլու խօսեցաւ նաեւ Յունաստանի առջեւ ծառացած տնտեսական դժուարութիւններու, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ձեռնարկած այն քայլերուն մասին, որոնք ուղղուած են ճնշուած իրավիճակէն դուրս գալու նպատակին:
Քննարկուեցան նաեւ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ սերտ փոխ գործակցութեան, միջազգային բեմերէ եւ կազմակերպութիւններէ ներս յոյն եւ հայ պատգամաւորներու համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, նպատակ յայտնուեցաւ նման հանդիպումները աւելի յաճախակի դարձնելու մասին:

«Ցեղասպանութիւններու ճանաչման հարցին մէջ
հայերը եւ յոյները ունին պատասխանատուութեան
իրենց բաժինը»

altԶոի Գոնսթանտոփուլու հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ, Ապրիլ 25ին: ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահը նշած է թէ Ապրիլ 24ը Երեւանի մէջ աննախադէպ միջոցառում էր իր ծաւալով եւ այն նպաստեց ցեղասպանութիւններու ճանաչման միջազգային գործընթացին: Աւելցուց, թէ ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ դատապարտման հարցին մէջ հայերը եւ յոյները՝ որպէս հնագոյն ազգեր, ունին պատասխանատւութեան իրենց բաժինը: ԱԺ նախագահը ցաւով նշեց, թէ այսօր աշխարհի մէջ քաղաքականութիւնն ու քաղաքական շահերը աւելի բարձր կը դասուին, քան քաղաքակրթութիւնը:
Զոի Գոնսթանտոփուլու իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ նշեց որ յոյները իրենց պարտքը կը համարեն այս պատմական միջոցառումներու ներկայ ըլլալ եւ յարգել հայ ժողովուրդի յիշատակը: Ան նշեց որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը համաշխարհային պատմութեան ամէնամութ էջերէն մէկն է, քանի որ այդ յանցագործութիւնը կատարուած է մարդկութեան դէմ եւ պէտք է ճանչցուի ամբողջ աշխարհի կողմէ:
Հելլէն խորհրդարանի նախագահուհին յայտնած է թէ Յունաստան պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային գործընթացին մէջ:

Հանդիպում յունական համայնքին հետ

altՆոյն օրը, ուշ երեկոյեան, Զոի Գոնսթանտոփուլու հանդիպում ունեցաւ յունական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, քըննարկելով իրենց միութենական աշխատանքներու ընդհանուր ծիրը:
Հելլէն խորհրդարանի նախագահուհին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Երեւանի համալսարանի մէջ յունարէն լեզուի ուսանողներուն հետ, որոնք մեծ խանդավառութեամբ զրուցեցին իրենց հետաքրքրող հարցերուն շուրջ:
Իր այցելութեան վերջին օրը, Զոի Գոնսթանտոփուլու տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին հետ:
Հայաստանի մօտ Յունաստանի դեսպան Իոանիս Տաղիս եւ ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Էտուարտ Շարմազանով ընկերակցեցան Զոի Գոնսթանտոփուլուի հանդիպումներուն, իրենց ծրագիրը աւարտելով Գառնիի տաճար այցելութեամբ: