«Յունաստանի խորհրդարանը պատմական արդարութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ Հայաստանի կարեւոր ու վստահելի դաշնակիցն է»

Անցնող օրերուն Երեւան գտնուեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Զոի Գոնսթանտոփուլուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, մասնակից դառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկներուն:
Ելոյթ ունենալով «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային ֆորումի բեմէն՝ Զոի Գոնսթանտոփուլու ըսաւ թէ մեծ պատիւ կը զգայ Երեւանի մէջ մասնակից դառնալով տուեալ համաժողովին: «Ինծի համար երկու անգամ պատիւ է հոս ըլլալ, որպէս քրէական իրաւունքի մասնագէտ, որպէս յոյն, որպէս ազգի մը ներկայացուցիչ, որ կրած է ցեղասպանութեան տառապանքը, բայց նաեւ մեծագոյն պայքար մղած է միջազգային յանցագործութեան դէմ։ Մեծ պատիւ է ինծի համար նաեւ ելոյթ ունենալ որպէս յունական խորհրդարանի նախագահ, խորհրդարան, որը առաջիններէն մէկն էր, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
Ան ըսաւ թէ ցեղասպանութեան յուշը կանխարգիլման մեքանիզմ է։ «Մենք պարտաւոր ենք յիշեցնել, որ ցեղասպանութիւնը ամէնավայրագ յանցագործութիւնն է։ Լըրջօրէն պէտք ենք ընդդիմանալ օտարատեացութեան, ընդդիմանալ բոլոր վատ երեւոյթներուն»։

Հանդիպում ՀՀ նախագահին հետ

Հինգշաբթի 23 Ապրիլի առաւօտուն Զոի Գոնսթանտոփուլու հանդիպում ունեցաւ Սերժ Սարգսեանի հետ: ՀՀ նախագահը ողջունելով բարձրաստիճան հիւրի ներկայութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւան ժամանելու եւ հայ ժողովուրդին համար մեծ նշանակութիւն ունեցող՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներուն մասնակցելու համար: Նախագահ Սերժ Սարգսեանը երախտագիտութիւն յայտնած է յոյն ժողովուրդին եւ Յունաստանի իշխանութիւններուն՝ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայութեան բեկորներուն ապաստան տուած ըլլալու համար, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատած է Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, իսկ հետագային այդ յանցագործութեան մերժումին դէմ  պայքարելու Յունաստանի յանձնառութիւնը:
Տիկին Գոնսթանտոփուլու իր կարգին ընդգծած է, որ Յունաստանի խորհրդարանը եւ անձամբ ինքը, պատմական արդարութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ Հայաստանի կարեւոր ու վստահելի դաշնակիցն է: