Ինչ­պէս մեր ե­րէ­կո­ւան թեր­թով կանդ­րա­դառ­նա­յինք՝ Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մետ Տա­ւու­թօղ­լու Ապ­րիլ 24ին ըն­դա­ռաջ ու­ղերձ յղած է՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րը ա­նո­ւա­նե­լով «1915ի տե­ղա­հա­նու­թեան ժա­մա­նակ մա­հա­ցած օս­մա­նեան հա­յեր» եւ իր ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը յայտ­նած է ա­նոնց ժա­ռան­ գորդ­նե­րուն։

Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի Հայ Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Կի­րօ Մա­նո­յեա­նի խօս­քե­րով, Տա­ւու­թօղ­լո­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին այն ճնշման ար­դիւնքն է, որ վեր­ջին օ­րե­րուն կը զգայ Թուր­քիան։

Մա­նո­յեան կ­’ը­սէ թէ Տա­ւու­թօղ­լո­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, պէտք էր Ապ­րիլ 23ին կա­տա­րո­ւէր, ինչ­պէս ան­ցեալ տա­րի, սա­կայն Ապ­րիլ 21ին գու­մարո­ւած Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տին, որ կը վա­րէր նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նը, ո­րո­շում առ­նո­ւած էր նա­խա­պէս հրա­տա­րա­կել ուղեր­ձը.- «Ի­րենք այդ ճնշում­նե­րուն տակ փոր­ձած են ինչ-որ ձե­ւով ար­ձա­գան­գել, հա­կազ­դել՝ ցոյց տա­լու հա­մար, որ իբ­րեւ թէ ո­րոշ չա­փով տե­ղի կու­տան այն ճնշում­նե­րուն, ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար յա­ռա­ջի­կայ զար­գա­ցում­նե­րու։ Հա­ւա­նա­բար մի քա­նի պե­տու­թիւն­ներ եւս կը ճանչ­նան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ Յատ­կա­պէս խօս­քը կը վե­րա­բե­րի Գեր­մա­նիոյ, ուր ա­մէն ինչ պատ­րաստ է, բայց կը մնայ ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը»։