Յունաստանէն կը մասնակցի միջազգային գիտութեանց փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս, որ կազմակերպման մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց «Ազատ Օր»ինԵրեւանի մէջ կը գումարուի «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային խորհրդաժողովը
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Յունաստանէն կը մասնակցի միջազգային գիտութեանց փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս, որ կազմակերպման մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց «Ազատ Օր»ինՖորումի ընթացքին քննարկուեցան միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս մարդկութեան հանդէպ յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջոցներու զարգացման, ցեղասպանութիւններու հետեւանքներու վերացման եւ պատասխանատուութեան խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:
Նիստերուն կը նախագահեն միջազգային իրաւունքի յայտնի մասնագէտներ Լուիզ Մորենօ Օքամպօ, Ճեֆրի Ռոպերտսոն, քաղաքական գործիչներ Ֆրանսայի Ժողովրդական շարժման միութիւն կուսակցութեան անդամ Փաթրիկ Տեւեճեանը, Մարդասիրական օգնութիւն բարեգործական կազմակերպութեան հիմնադիր ու գործադիր տնօրէն, պարոնուհի Քարոլայն Քոքս, Հայաստանի ազգային հերոս եւ այլ անձնաւորութիւններ։ Զեկոյցներով հանդէս կու գան միջազգային իրաւունքի ականաւոր մասնագէտներ, յայտնի պատմաբաններ, ցեղասպանագէտներ, որոնց կարգին Ֆրանք Չոք, Ուիլիամ Շապաս, Իսրայէլ Չարնի, Ռակըպ Զարաքօլու, Մայքլ Պոլանտեր, Ռոճեր Սմիթ, Հենրի Թերիօ, Ճենգիզ Աքթար, Եաիր Աուրոն:Խորհրդաժողովի մասնակիցները երէկ առաւօտուն բարձրացան Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի տուրք մատուցանելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն կից նախատեսուած են այցելութիւններ եւ հանդիպումներ Հայաստանի մէջ։
Հելլէն խորհրդարանի նախագահ՝ Զոյի Գոսթանտոփուլուի ելոյթը

Խորհրդաժողովի երկրորդ օրուան ընթացքին, այսօր Հինգշաբթի 23 Ապրիլի առաւօտուն ֆորումի բեմէն ելոյթ ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ տիկ. Զոյի Գոսթանտոփուլու, նշելով, թէ հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի ՄԱԿ¬ի անդամ բոլոր պետութիւններու խորհրդարաններուն կողմէ։ «Ցեղասպանութիւնը յիշելը ոչ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքն է, այլ նաեւ մարդկութեան պարտականութիւն, պարտք է ապագայ սերունդներուն նկատմամբ։ Յուշը կանխարգիլման մեքանիզմ է։ Մենք պարտաւոր ենք յիշեցնել որ ցեղասպանութիւնը ամենավայրագ յանցագործութիւնն է։ Լրջօրէն պէտք է ընդդիմանալ օտարատեացութեան, ընդդիմանալ բոլոր վատ երեւոյթներուն»։