Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Քազանի հանդիպումին նախօրեակին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղերձ մը յղեց:
Ան նշեց, որ ի շարունակութիւն Մայիսի վերջաւորութեան նախագահ Օպամայի, նախագահ Մետվետեւի եւ իր կողմէ Տովիլի մէջ կատարուած յայտարարութեան, կ՛ուզէ համոզում յայտնել,

որ պահը եկած է ամրագրելու այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ հետագային կրնան ծաւալիլ տագնապի լուծման բուն բանակցութիւնները: Ըստ Սարքոզիի, պատմութեան ընթացքին կ՛ըլլան պահեր, երբ պետութեան ղեկավարները իրենց ժողովուրդին պէտք է ցոյց տան խիզախութեան, իմաստութեան եւ խաղաղութեան ճամբան: Նիքոլա Սարքոզիի համոզումով՝ այդ պահը եկած է:
«Գիտցէք, որ ամէն պարագայի ես՝ իբրեւ բարեկամ, եւ ինծի հետ Ֆրանսան, որ ինքզինք Հայաստանի քոյրը կը նկատէ, ձեզի կը յղենք այս վճռորոշ հանդիպումին յաջողութեան ամէնէն անկեղծ մաղթանքները: Երկիրս ջանք պիտի չխնայէ այդ ճամբուն վրայ ձեզի սատարելու», ուղերձին մէջ ըսած է Սարքոզի:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման եւս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալով կոչ ուղղած էր Քազանի մէջ հանդիպումին ընթացքին համաձայնեցնել եւ աւարտին հասցնել հիմնարար սկզբունքները: «Տագնապը լուծելու եւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդներուն լաւ ապագային յոյս տալու ժամանակը եկած է», ըսած էր ան: