Ապրիլ 24ին քաղաքացիներու հոսքը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր պիտի թոյլատրուի միայն ժամը 14.00էն ետք: Մինչ այդ` Եղեռնի զոհերուն յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն օտարերկրեայ պատուիրակութիւնները: Կ՝ակնկալուի, որ այդ օրը Ծիծեռնակաբերդ այցելեն Ֆրան սայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ՝ 120 հոգի կազմող պատուիրակութեամբ, ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին, հնարաւոր է նաեւ Հռոմի Պապի եւ Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Գոմորովսքիի այցը:
Բացի այդ` պիտի ըլլան օտարերկրեայ բարձրաստիճան այլ պատուիրակութիւններ եւս: Այս առնչութեամբ պիտի ձեռնարկուին անվտանգութեան բացառիկ քայլեր: