«­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը յայ­տա­րա­րու­թիւն պատ­րաս­տած է», - յայտ­նած է Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թեան խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Վա­հէ Էն­ֆիա­ճեան, ե­րէ­կո­ւան նիս­տին ըն­թաց­քին:

Ըստ ա­նոր, յայ­տա­րա­րու­թեան վե­րամ­շա­կո­ւած տար­բե­րա­կին մէջ, որ ար­դէն մտած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի օ­րա­կարգ, յղում կը կա­տա­րո­ւի Մ.Ա.Կ­.ի եւ մի­ջազ­գա­յին շարք մը  հե­ղի­նա­կա­ւոր կա­ռոյց­նե­րու ըն­դու­նած այն հռչա­կա­գիր­նե­րուն եւ օ­րէնք­նե­րուն, ո­րոնց­մով կը դա­տա­պար­տո­ւին 1915 թո­ւա­կա­նին Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

Յայ­տա­րա­րու­թեան մշա­կո­ւած նա­խա­գի­ծին միա­ցած են Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի բո­լոր յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը:

Ս­տո­րեւ` յայ­տա­րա­րու­թեան նա­խա­գի­ծը.
Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի

­Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան
100ա­մեա­կին Ա­ռի­թով

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը`

Հիմք ըն­դու­նե­լով Մ.Ա.Կ­.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին  կող­մէ 1948 թո­ւա­կա­նի 9 Դեկ­տեմ­բե­րին ըն­դու­նո­ւած «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը կան­խար­գի­լե­լու եւ պատ­ժե­լու մա­սին» հռչա­կա­գի­րը, Խորհըր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Խոր­հուր­դին կող­մէ 1988 թո­ւա­կա­նի 22 Նո­յեմ­բե­րին ըն­դու­նո­ւած «Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ մէջ հա­յե­րու  1915 թո­ւա­կա­նի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պարտ­ման մա­սին» օ­րէն­քը,

Ար­ժե­ւո­րե­լով «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի Հա­մա­հայ­կա­կան Հռ­չա­կա­գիր»ին մէջ ամ­րագրուած դրոյթ­նե­րը,

Կա­րե­ւոր նկա­տե­լով մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հետ միա­ցեալ ու­ժե­րով մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու դա­տա­պարտ­ման եւ կան­խար­գիլ­ման ուղ­ղո­ւած ջան­քե­րուն մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին ու­նե­ցած ներդ­րու­մը,

Ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նե­լով բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րուն եւ պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն, ո­րոնք պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ըն­դու­նած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րէնք­ներ.

Կոչ կ­՛ուղ­ղէ բո­լոր եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րուն եւ միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նա­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը` իբ­րեւ մարդ­կու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած ծան­րա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւն: