Եւ­րո­պա մեկ­նե­ցան 36 հայ խա­ղա­ղա­պահ­ներ, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Եւ­րո­պա­յի մէջ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ցա­մա­քա­յին ու­ժե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւող Saber Junction 15 ու­սում­նա­վար­ժան­քին:

Այս վար­ժան­քին նպա­տակն է դաշ­նա­կից ու գոր­ծըն­կեր պե­տու­թիւն­նե­րու հա­մա­տեղ ու­ժե­րու կազ­մէն ներս հան­դես գա­լու հա­մար նա­խա­պատ­ րաս­տել պրի­կա­տա­յին մա­կար­դա­կի զօ­րա­միա­ւո­րում:

Հա­յաս­տա­նի մէջ Ա­մե­րի­կեան դես­պա­նա­տան հա­ղորդ­մամբ, վար­ժան­քը պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի Գեր­մա­նիոյ, Լիտ­վա­յի եւ Ռու­մա­նիոյ մէջ ու պի­տի ա­ւար­տի Ապ­րիլ 30ին։

Saber Junction 15 վար­ժան­քի ծի­րէն ներս ՆԱԹՕ-ի ան­դամ եւ գոր­ծըն­կեր պե­տու­թիւն­նե­րը կը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւին յար­ձա­կո­ղա­կան, պաշտ­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մար։

Saber Junction 15 վար­ժան­քին կը մաս­նակ­ցին 17 պե­տու­թիւն­նե­րէ ա­ւե­լի քան 5 հա­զար զինուոր­ներ: Ու­սում­նա­վար­ժան­քին կը մաս­նակ­ցին ՆԱԹՕ-ի դաշ­նա­կից պե­տու­թիւն­ներ Ալ­պա­նիան, Պել­ճի­քան, Պուլ­կա­րիան, Թուր­քիան, Լատ­վիան, Լե­հաս­տա­նը, Լիտ­վան, Լիւք­սեմ­պուր­կը, Հուն­գա­րիան, Ս­քո­փիան, Մեծն Բ­րի­տա­նիան, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը, Մոլ­տո­վան եւ Ռու­մա­նիան, ինչ­պէս նաեւ «­Գոր­ծըն­կե­րու­թիւն յա­նուն խա­ղա­ղու­թեան» ծրագ­րով ՆԱԹՕ-ի գոր­ծըն­կեր պե­տու­թիւն­ներ Պոս­նիա-­Հեր­ցո­կո­վի­նա, Հա­յաս­տան եւ Շո­ւէտ։

Ա­մե­րի­կեան դես­պա­նա­տու­նը կը նշէ, որ հայ-ա­մե­րի­կեան հա­մա­տեղ այս վար­ժան­քը նա­խա­տե­սո­ւած է Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ ԱՄՆ ցա­մա­քա­յին ու­ժե­րու մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւած փո­խըմբռն­ման յու­շագ­րով: